Կեանքին հրաժեշտ տուաւ բազմավաստակ կրթական մշակ, խմբագիր եւ սփիւռքահայ մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեան
August 10, 2024Դեռ ամիս մը առաջ, կրթական մշակ, գրագէտ, դասագիրքերու հեղինակ, յօդուածագիր, դասախօս, հասարակական գործիչ Յարութիւն Քիւրքճեան Լիզպոնի մէջ, գործօն մասնակցութիւն բերած էր «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան կազմակերպած «Հաւասարում նորոգ/սերունդներու զրոյց մը» գիտաժողովին: Նոյնինքն այս հաւաքը կազմակերպուած էր ներշնչուած Սփիւռքագէտ Քիւրքճեանի 1968-ի գրափորձէն: Հազիւ ամիս ...