Տասը Հազարէ Աւելի Ցուցարարներ Մասնակցեցան Պրիւքսելի Մէջ Ի Զօրակցութիւն Արցախի Կատարուած Համաեւրոպական Հանրահաւաքին
October 02, 2023Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն եւ Նետերլանտներէն հասած տասը հազարէ աւելի մարդ երէկ մասնակցեցաւ Պրիւքսելի մէջ Ռոպերթ Շումանի անուան հրապարակին վրայ ի զօրակցութիւն Արցախի կատարուած համաեւրոպական հանրահաւաքին: «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին համաձայն, «Եւրոպացիները յանուն Արցախ»-ի նախաձեռնութեան կազմակերպած հանրահաւաքը սկսած է Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգերով: Հանրահաւաքի ...