Ցաւակցական՝ Հայկ-Արամ Առաքելեանի մահուան առթիւ. Ս. Յակոբի համայնքին ինքնակերտման բարերար մը հեռացաւ կեանքէն
September 03, 2024Մեր համայնքի յանձնառու, վաստակաւոր եւ բարերար նախկին անդամ՝ Կիլիկեան Իշխան Հայկ-Արամ Առաքելեանի մահուան մասին խոր ցաւով լսեցինք, եւ ապա կարդացինք Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի գոյժը։ Հայկ-Արամ Առաքելեան յետ երկարատեւ հիւանդութեան՝ իր մահկանացուն կնքեց Շաբաթ, 24 Օգոստոս 2024-ին։ Թաղման Կարգը ...