«Հորիզոն»ի հետ կայացած հարցազրոյցի ընթացքին Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Սաճճան կարեւոր նկատեց Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը
December 04, 2017Դեկտեմբեր 1-ին, Գանատայի կառավարութեան Քեպէգի գրասենեակին հրաւէրով, «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաճճանի հետ։ «Հորիզոն»ի խմբագրութեան կողմէ հարցազրոյցը վարեցին վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան եւ «Հորիզոն»ի անգլերէն բաժնի աշխատակից Լելակ Ոսկիեան։ Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձ եղաւ պաշտպանութեան բնագաւառէն ...