Մոնթրէալի համալսարանի Հայ Ուսանողներու միութեան կազմակերութեամբ բազմամշակութային պարերու ներկայացում
April 06, 2018Մարտ 27-ին, Մոնթրէալի համալսարանի "Jean-Coutu" շէնքի դահլիճը թատերաբեմ էր յատուկ ձեռնարկի մը. Մոնթրէալի համալսարանի Հայ Ուսանողներու միութեան (Asssociation des étudiants arméniensde l'Université de Montréal) կազմակերպութեամբ եւ Լիբանանեան Ուսանողական Միութեան մասնակցութեամբ տեղի կ՛ունենար բազմամշակութային հանդիպում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին երեք պարախումբեր՝ լիբանանեան "Les chevaliers du Liban"-ը, Քեպէքեան "Les bons diables"-ը եւ հայկական «Գառնի»-ն։ 80-է աւելի անհատներ եւ ուսանողներ ընդառաջած էին Հայ Ուսանողներու միութեան հրաւէրին ...