Մայիս 28 – Կարօ Սասունի
May 28, 2019Կարօ Սասունի Գրուած Հայաստանի Անկախութեան Յիսնամեակին առիթով Հայաստանի վերածնութիւնը մեր դարուն պատմական ամէնէն նշանակալից մեծագործութիւնն է, որ կարելի պիտի ըլլար արձանագրել 1918-ին առաջին աշխարհամարտի ընթացքին: Յարութիւնը խաչեալ հայ ժողովուրդին, արիւնլուայ, անպատմելի ցեղասպանութենէն ետք, անկարելի հրաշք մը այդ օրերուն: Յարութիւն մը վեց հարիւր տարիներէ աւելի ...