122 տարի առաջ, այսօր. «Պանք Օթոման գրաւած է Դաշնակցութեան կոմիտէն»
August 14, 2018Սասնոյ առաջին ապստամբութեան անյաջողութիւնը եւ 1895-1896-ի ջարդերուն պատճառած յուսալքութիւնը հակազդեցութեան դիմելու զօրաւոր տրամադրութիւններ ստեղծեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարութեան մօտ: Արեւմտեան բիւրոյի եւ կուսակցութեան կարգ մը մարմիններու համաձայնութեամբ, Պոլսոյ կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնեց գրաւման Պանք Օթոմանի, որ միջազգային ելեւմուտքի գլխաւոր հաստատութիւնն էր Արեւելքի ...