ՊՐԻՒՔՍԵԼԵԱՆ ԵՌԱԿՈՂՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆ ՈՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
June 01, 202222 մայիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ Փաշիեան-Ալիեւ հանդիպումը։ «Քննարկումը բաց էր եւ արդիւնաւէտ, մենք քննարկեցինք հարցերու ամբողջ շրջանակ մը: Մանրամասն կերպով քննարկեցինք մարդասիրական խնդիրները, ներառեալ ականազերծման, ձերբակալուածները ազատ արձակելու ջանքերը եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրները: ...