Մեր մամուլի խճճանկարը
November 29, 2022Քանի մը յստակացում ի սկզբանէ։ Առաջին՝ վերնագրին մէջ աւելորդ տառ չկայ, եւ «ճ»-ի կրկնութիւնը արկածով չէ՛ եղած, մեկնաբանութեան չի՛ կարօտիր։ Մեր մամուլի ներկայ խճճեալ վիճակէն կը յառաջանայ այդ նոր բառը։ Երկրորդ՝ մամուլ ըսելով այստեղ կը հասկնանք բոլոր այն միջոցները, որոնցմով հասարակութեան հետ ...