Ցեղասպանութեան Եւ Երրորդ Պատերազմի Սպառնալիք
August 02, 2023Յ. ՊԱԼԵԱՆ Երէկ, հակառակ անոր որ Ֆրանսայի լրատուամիջոցները գերյագեցած էին երկրի նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերող լուրերով եւ մեկնաբանութիւններով, հեռատեսիլը, պատկերներու տակ սփռուող իր գրաւոր լուրերուն մէջ, քանի մը տողով արձագանգեց Հայաստանի վարչապետի յայտարարութեան, որ` «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կը գտնուի ցեղասպանութեան ենթարկուելու ...