Հայաստանի Կառավարութիւնը Որոշեց «Հայոց Պատմութիւն»-ը Դարձնել «Հայաստանի Պատմութիւն»
July 16, 2024Դպրոցներուն մէջ դասաւանդուող «Հայոց պատմութիւն» նիւթը «Հայաստանի պատմութիւն» կոչելու տարեսկզբէն ի վեր բուռն քննարկումի նիւթ հանդիսացող հարցը վերջնականացաւ 11 յուլիսին, երբ կառավարութիւնը իր նիստին որոշեց փոխել անունը: «Հայոց պատմութիւն»-ը «Հայաստանի պատմութիւն» դարձնելու կառավարութեան քայլը անընդունելի նկատեցին` Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ...