Համաշխարհային Մտաւոր Խաղեր. Արոնեան Երկու Յաղթանակով Սկսաւ Պասքեան Ճատրակի Մրցաշարքը
December 17, 2013Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ երէկ սկսած Համաշխարհային մտաւոր խաղերուն պասքեան ճատրակի մրցաշարքին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան յաջողեցաւ երկու յաղթանակով սկսիլ այս մրցաշարքը, երբ յաջորդաբար յաղթեց Անիշ Կիրիի (Հոլանտա) եւ Սերկէյ Քարժաքինի (Ռուսիա):