Հարցազրոյց Թորոնթոյի քաղաքապետական ընտրութեանց թեկնածու Հրաչ Այնէճեանի հետ

 

Հրաչ Այնէճեան եւ Գանատայի նախկին վարչապետ Փոլ Մարթին

Թորոնթոյի քաղաքապետութիւնը քաղաքի թիւ 42 ընտրատարածքին մէջ (Scarborough Rouge River) լրացուցիչ ընտրութիւն պիտի անցնէ 2017ի Փետրուարի 13ին ընտրելու շրջանի թափուր մնացած աթոռին նոր խորհուրդի անդամը: Կարելի է նաեւ քուէարկել կանուխէն որու համար քաղաքապետարանը առաջացած ընտրութեան թուականներ ճշդած է Փետրուարի 4ը եւ 5ը: Այդ աթոռը նախապէս կը զբաղեցնէր Ռէյմոնտ Չօն, որ 2016ի Սեպտեմբերին Օնթարիոյի նահանգային մասնակի ընտրութեան յաղթելով դարձաւ Նահանգային Խորհրդարանի անդամ ներկայացնելով նոյն շրջանը:

Թորոնթոյի բնակիչ Հրաչ Այնէճեանը թիւ 42 ընտրատարածքէն, որպէս թեկնածու ներկայացած է այս ընտրութեան: Ան, Ռէյմոնտ Չօի (Reymond Cho, Progressive Conservative) աւագ օգնական էր նախքան անոր Նահանգային Խորհրդարանի անդամ ընտրուիլը:

«Հորիզոն Շաբաթաթերթ»ը ընտրութեան թեկնածու Հրաչ Այնէճեանի հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ տեղեկանալու անոր ընտրարշաւի մանրամասնութիւններուն:

Հորիզոն Շաբաթաթերթ.- Հրա’չ, որպէս Թորոնթոյի հայ գաղութին գործունեայ անդամ եւ Թորոնթոյի Հայ Դատի ժրաջան աշխատակից ու նախկին ատենապետ եւ երկար տարիներ քաղաքապետական աշխատանքներու միջավայրին մէջ փորձառութիւն ունեցած անձ մը ի՞նչն է որ քեզ մղեց որպէս թեկնածու մասնակցելու այս ընտրութեան:

Հրաչ.- ինծի համար առաջնահերթութիւնը թիւ 42 ընտրատարածքի համայնքի եւ մեր ընտանիքներու հարցերն են: Համայնքը մեր տունն է, մենք պէտք է միշտ աշխատինք անոր շարունակական յառաջացման համար շարունակելով նախկին խորհուրդի անդամ Րէյմոնտ Չոյի յաջողութիւնները: Համայնքը իր հարցերով հետաքրքրուող եւ ատոնք հետապնդող անձի մը պէտքը ունի, որ պահպանէ անոր զարգացումը եւ ուռճացումը:

Ես քաջածանօթ եմ թիւ 42 ընտրատարածքին ու անոր խնդիրներուն, որոնց համար նախապէս աշխատած եմ եւ արձանագրած բացայայտ յաջողութիւններ: Նաեւ Թորոնթոյի քաղաքապետարանի կառոյցին եւ աշխատելաձեւին տարիներու փորձառութիւնը ունիմ, որպէս աւագ օգնական աշխատակցած եմ Brad Dugiudի, David Soknakiի, Norman Kellyի, եղած եմ նաեւ օգնականը David Warnerի : Ես խանդավառ եմ իմ համայնքիս նկատմամբ ուր կապրի ընտանիքս, ուր իմ զաւակներս կը մեծնան եւ կուզեմ անոնց ապահովել բարւոք ապագայ մը:

Հորիզոն Շաբաթաթերթ.- Թիւ 42 ընտրատարածքի մասին ի՞նչ է քու մտապատկերդ:

Հրաչ.- Թիւ 42 ընտրատարածքի ընտանիքներու մեծամասնութեան նման իմ ընտանիքս ալ որպէս պանդուխտ եկած եւ հաստատուած է Գանատա քառասուն տարիներ առաջ այս գեղեցիկ երկրին մէջ աւելի լաւ կեանք մը սկսելու համար, բան մը որ յաջողեցանք իրականացնել անցնող տարիներուն եւ ներկայիս ալ ընթացքի մէջ է:

Ես մեծցած եմ Scarborough ի մէջ եւ Scarborogh Rouge River ի շրջանը իմ կեանքիս մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է: Բոլորս պարտական ենք այս մեծ քաղաքին, անոր տնտեսութեան, որու յաջողութիւններուն համար պէտք է ծափահարենք: Թորոնթոյի Քաղաքապետարանէն անհրաժեշտ նիւթական յատկացումները ապահովելով կրցանք երեք Regional Community Centerներ կառուցել այս շրջանին մէջ որոնք ներկայիս կը գործածուին համայնքի զաւակներուն կողմէ:

Բաղդատմամբ այլ շրջաններու հետ այս ընտրատարածքը շատ մեծ համեմատութեամբ ներգաղթողներու թիւ ունի աշխարհի բոլոր երկիրներէն, իսկական բազմամշակութային շրջան մըն է: Ես պատիւը կ’ուզեմ ունենալ աշխատելու բոլորին հետ, ձեզմէ իւրաքանչիւրին հետ կերտելու եւ շարունակաբար զարգացնելու այս շրջանը երաշխաւորելով անոր բարգաւաճումը եւ ապահովութիւնը: Իմ տեսլականս է այս համայնքը վերածել մեր ընտանիքներուն համար աւելի ապահով եւ աւելի լաւ զարգացած վայրի մը:

Հորիզոն Շաբաթաթերթ.- Քու ներկայութեամբդ Թորոնթոյի Քաղաքապետարանի Խորհուրդին մէջ ի՞նչ օգնութիւն կրնաս մատուցանել Թորոնթոյի հայ գաղութին:

Հրաչ.- Թորոնթոյի Քաղաքապետական Խորհուրդը կը քննէ քաղաքին բնակիչներու հարցերը եւ նկատի կ’առնէ անոնց հետաքրքրութիւնները: Կ’որոշէ այն ծառայութիւնները, որ քաղաքապետարանը պիտի հայթայթէ քաղաքի բնակիչներուն:

Խորհուրդի անդամները կը մշակեն եւ կը հաստատեն քաղաքապետարանի օրէնսդրութիւնը եւ տեղական օրէնքները Խորհուրդի որոշումներուն համաձայն, կը նախագահեն կամ կ’անդամակցին քաղաքի 44 համայնքներու խորհուրդներուն: Խորհուրդին մէջ իմ ներկայութեամբս հայ գաղութի մտայոգութիւնները քաղաքապետարանին մէջ ուղակիօրէն ուշադրութեան եւ հաւանական աջակցութեան առարկայ դառնալու առիթը պիտի ունենան: Ինչպէս նաեւ իմ խորհուրդներովս գաղութի անհատներու յարաբերութիւնը քաղաքապետարանի ծառայական գրասենեակներուն հետ աւելի դիւրահաղորդ պիտի ըլլայ:

Հորիզոն Շաբաթաթերթ.- Այս ընտրարշաւին ունիս մրցորդներ, ի՞նչն է որ քեզ կը համոզէ թէ դուն լաւագոյն թեկնածուն ես յաղթելու այս ընտրութիւնները:

Հրաչ.- Այս կարեւոր հարցում է: Իւրաքանչիւր թեկնածու իւրահատուկ առաջադրութիւններով եւ ծրագիրով կը ներկայանայ հանրութեան եւ ընտրողները պիտի որոշեն թէ որ թեկնածուն լաւապէս պիտի կրնայ ներկայացնել զիրենք որպէս քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ: Ես հպարտ եմ իմ արձանագրած համայնքային յաջող աշխատանքովս եւ քաղաքապետական ու նահանգային մակարդակներու վրայ իմ իրագործումներովս, առաւել այն փորձառական ըմբռնումով, որ շահած եմ աշխատելով կառավարական այդ երկու դաշտերուն միջեւ:

Աշխատած եմ ամէն ազգային խմբաւորումներու, կրոնական եւ քաղաքական կուսակցութիւններու հետ: Սակայն ամենէն կարեւորը որ ամբողջ 25 տարիներ ես ընդգրկուած եղած եմ քաղաքապետական եւ նահանգային քուլիսական ընթացիկ աշխատանքներուն մէջ, որու համար կը խորհիմ որ պիտի յաղթեմ:

Հորիզոն Շաբաթաթերթ.- Ի՞նչպէս կարելի է օգնել քու ընտրապայքարիդ:

Հրաչ.- Կարելի է օգնել երկու ձեւերով՝ միացիր ինծի ժամանակէդ բաժին մը տրամադրելով որպէսզի կամաւորաբար այցելենք տուները, զարնենք անոնց դուռերը: Այցելէ ընտրապայքարի իմ կեդրոնս – 4651 Sheppard Avenue Eastի վրայ:

Անհրաժեշտութիւնը ունիմ կամաւորներու որոնք հեռաձայնելով քուէարկողներուն իմ եւ թեկնածութեանս մասին տեղեկութիւն տան, տուներու նամակատուփերուն մէջ իմ ընտրական ծանուցումի թռուցիկները դնեն եւ ընտրական նշանատախտակները զետեղեն: Իսկ ամենէն կարեւորը, որ ընտրութեան առաջաընթաց եւ հիմնական օրերուն ինծի ի նպաստ քուարկողները առաջնորդէն դէպի ընտրական կեդրոններ ինծի ընտրելու:

Վեց շաբաթներ կան ընտրութեան ընդառաջ, որու ընթացքին դուք կրնաք որոշել ձեր այցելութիւններուն եւ օժանդակութեան յաճախակիութիւնը բայց առանց ձեր օժանդակութեան կարելի չէ յաղթել:

Միւս օժանդակութեան ձեւը ընտրապայքարիս ձեր նիւթական նուիրատւութիւնն է: Իւրաքանչիւր $300 նուիրատւութեան դիմաց քաղաքապետարանը 75% ը կը վերադարձնէ նուիրատուին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.