Սիրելի՛ հայ զինուոր. Մոնթրէալի Ս. Յակոբ վարժարանի աշակերտները նամակներ գրած են հայ զինուորին
- (0)
Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի «Սարաֆեան» նախակրթարանի Գ. կարգի աշակերտները Կաղանդի առթիւ նամակներ գրած են հայ զինուորին, ոմանք ալ գծագրութեամբ արտայայտուած են. կեցցէ՛ք:
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես 8 տարեկան եմ, կ’ապրիմ Մոնթրէալ եւ կը յաճախեմ Ս. Յակոբ դպրոցը: Նոր Տարուան առիթով ձեզի կը մաղթեմ քաջութիւն, աշխուժութիւն եւ հմտութիւն: Ես լսեցի, որ դուք շատ հայրենասէր, ճկուն, անվախ եւ խելացի էք: Ես տեսայ, որ դուք առտու – գիշեր կը կռուիք, իսկ մենք տաքուկ – տաքուկ կը քնանանք, մինչ այդ դուք պաղերուն, ձիւներուն կը կռուիք: Կը յուսամ, որ մնաք միշտ զօրաւոր եւ մեզի վերադարձնէք մեր հայրենիքի գրաւուած մասերը:
Գառնի Քէշիշեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես 8 տարեկան աղջիկ եմ: Կ’ապրիմ Մոնթրէալ եւ կը յաճախեմ Ս. Յակոբ դպրոցը: Նոր Տարուան առիթով ձեզի կը մաղթեմ յաջողութիւն, աշխուժութիւն, քաջութիւն եւ խաղաղութիւն: Նաեւ շնորհակալ եմ ձեզմէ, որ Հայաստանը կը պաշտպանէք նոյնիսկ ձիւնին եւ անձրեւին:
Դալար Բաբախեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես կ’ապրիմ Մոնթրէալ եւ կը յաճախեմ Ս. Յակոբ դպրոց: Դուն հռթիրովդ եւ զէնքովդ միշտ պատրաստ ես կռիւի համար: Նոր տարուան առիթով կը մաղթեմ, որ Յիսուս ձեզ պաշտպանէ:
Կապրիէլ Պետրոսեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես ապրում եմ Մոնթրէալ եւ յաճախում եմ Ս. Յակոբ դպրոցը: Նոր Տարուան համար ձեզ մաղթում եմ քաջութիւն ու խաղաղութիւն: Ես տեսայ, թէ դուք ոնց կռւում էք մշուշի ու ցուրտի մէջ, եւ շատ հաւանեցի: Ի՛նչ արագավազ էք, ո՞նց դուք էդքան արագ էք վազում:
Միքայէլ Բաղրամեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես 8 տարեկան եմ: Ես Մոնթրէալ կ’ապրիմ եւ կը յաճախեմ Ս. Յակոբ դպրոցը: Դուք շատ լաւ կը կռուիք մեզի համար եւ շատ խելացի էք: Նոր Տարուան առիթով ձեզի կը մաղթեմ, որ քաջութիւն ունենաք: Դուք շատ անվախ էք: Ամէն օր պատրաստ էք պաշտպանելու մեր երկիրը:
Արիանա Թալաթինեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես ութ տարեկան եմ, կ’ապրիմ Մոնթրէալ, կ’երթամ Ս. Յակոբ դպրոց: Նոր Տարուան առիթով կը մաղթեմ, որ առողջ մնաք եւ վերադարձնէք մեր Հայաստանը:
Անթոնի Մագաճեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես 9 տարեկան եմ, կ’ապրիմ Մոնթրէալ եւ կը յաճախեմ Ս. Յակոբ դպրոցը: Դուք հրթիռներ շատ ունիք եւ Հայաստանը կը պաշտպանէք: Դուք շատ աշխոյժ էք, ձեզմէ կը խնդրեմ, որ ետ վերադարձնէք մեր Հայաստանը:
Նարեկ Պայրամեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես կ’ապրիմ Մոնթրէալ եւ կը յաճախեմ Ս. Յակոբ դպրոցը: Դուն կը կռուիս մշուշին մէջ եւ Հայաստանի սահմանները կը պաշտպանես: Զէնքով եւ հրթիռով կը կռուիս: Միշտ պատրաստ ես: Մեր երկիրը լեռնային է եւ դժուար է հոն կռուիլ: Նոր Տարուան առիթով ձեզի կը մաղթեմ քաջութիւն եւ խաղաղութիւն:
Վայք Չոլոյեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես հայաստանցի եմ ձեր նման: Ձմեռը մօտենում է, ու ես ձեզ ինչքան, որ տեսել եմ, կարծում եմ, որ ուժեղ էք ու աշխոյժ: Ես մաղթում եմ ձեզ երկար կեանք ու թող Աստուած ձեզ լաւ պահի:
Միքայէլ Երէցեան