Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր 6-րդ Յաջորդական Յաղթանակը


Երէկուան մրցումէն

Երէկուան մրցումէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ, որ «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պիպլոսը, արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը` 78-73 արդիւնքով: Նշենք, որ Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ 41-39 արդիւնքով կը գերազանցէր Պիպլոսը, որ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը:

Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ երեկոյեան ժամը 17:30-ին Լուէյզի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Սաժեսը:

Երէկուան այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրները մրցումին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին քաջալերեցին իրենց կազմը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.