Goal.Com-ը Լաւագոյն Մարզիկներու Տասնեակին Մէջ Նկատի Չառաւ Մխիթարեանին
Հեղինակաւոր Goal.com կայքը, որ իր կարգին անդրադարձաւ 2016-ի Հայաստանի լաւագոյն մարզիկներու տասնեակին, այդ ցանկին մէջ նկատի չառաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը, ինչ որ բաւական վրդովում յառաջացուց հայրենի ֆութպոլասէր հասարակութեան մօտ:
Սակայն վերոնշեալ կայքը, մէջբերեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Մխիթարեանի նպաստն ու ձեռքբերումները անուրանալի են հայկական եւ միջազգային ֆութպոլին մէջ:
Նշենք, որ աւելի կանուխ Հենրիխ Մխիթարեանի` Հայաստանի լաւագոյն մարզիկներու տասնեակին մէջ չյայտնուելուն անդրադարձան նաեւ անգլիական հեղինակաւոր պարբերաթերթեր:
Անոնք առաջին անգամ ըլլալով կ՛անդրադառնան Հայաստանի լաւագոյն մարզիկներու քուէարկութեան: