Մխիթարեանի «Կարիճ» Հարուածով Կոլը Ճանչցուեցաւ Տարուան Լաւագոյնը
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան «Փրեմիեր լիկ»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Սանտըրլենտի դէմ կատարուած մրցումին իր կազմին հետ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
62-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած Մխիթարեան, այս մրցումին «կարիճ» հարուածով մը 86-րդ վայրկեանին նշանակեց գերսքանչելի եւ բացառիկ կոլ մը, որ ճանչցուեցաւ տարուան լաւագոյնը` «Ֆրանս ֆութպոլ» պարբերաթերթին կողմէ, ապահովելով քուէարկողներուն ձայներուն 87 առ հարիւրը:
Անոր ակումբը իր մարզիկը` Մխիթարեանը որակեց հրաշագործ:
«Միրըր» կը նշէ, որ 27 տարեկան Մխիթարեան շուրջ 10 վայրկեան իր ստորագրութիւնը բաժնեց խումբին համակիրներուն` նկատի ունենալով, որ իր մօտ ուղղուող համակիրներուն հոսքը չէր դադրեր:
Այստեղ պէտք է նշել, որ «Օլտ Թրեֆորտ»-ի դաշտին տանիքին վրայ կը ծածանէր Հայաստանի եռագոյն դրօշակը:
Բնականաբար, Մխիթարեանի մասին մեծ գովասանքով արտայայտուողներուն կարգին եղաւ նաեւ անոր մարզիչը` փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ, որ ըսաւ, թէ ան բացառիկ յատկութիւններու տէր մարզիկ մըն է եւ ատոր շնորհիւ ալ ան ընտրուեցաւ Հայաստանի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Այլ մատնանշում մը կատարելով Մխիթարեանի նշանակած կոլին մասին` անոր խմբակից եւ աշխարհի ամէնէն սուղ փոխանցուող ֆութպոլիստը դարձած Փոլ Փոկպա, ամբողջութեամբ ապշեցաւ ի տես այդ բացառիկ կոլին: