Գանատայի Ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի կը գնահատէ Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի սուրիահայ աշակերտները
Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի սուրիահայ աշակերտները կը մասնակցին La Corbeille հաստատութեան կազմակերպած բարեսիրական դրամահաւաքի ծրագրին
Շաբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11-3, Մոնթրէալի Մարշէ Սանթրալին մէջ Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի երկրորդականի սուրիահայ աշակերտները մասնակցեցան La Corbeille հաստատութեան կազմակերպած Guignolée դրամահաւաքի ծրագրին: La Corbeille հաստատութիւնը բարեսիրական հաստատութիւն մըն է, որ ուտեստեղէն կը հայթաթայթէ կարիքաւորներուն:
Ս. Յակոբ վարժարանի յատկապէս սուրիահայ աշակերտներ մաս կազմեցին սոյն դրամահաւաքին, որպէսզի խթանուի իրենց լեզուական, կրթական եւ ընկերային համարկումը գանատական ընկերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ գործնականօրէն առնչուին բարեսիրական ծրագիրներու: Այս մէկը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի անոնք տարբերակեն իրենց նախկին միջավայրը եւ ներկայինը, զգան բարքերու եւ սովորութիւններու նոյնութիւններն ու տարբերութիւնները, ստանալու փոխարէն սորվին նաեւ տալ եւ տալով գոհունակութիւն զգալ, այսպիսով վարժարանիս ջամբած չորս արժէքները՝ պատասխանատուութիւնը, յարգանքը, համագործակցութիւնն ու յարատեւութիւնը, ամրապնդուին եւ դրոշմուին իրենց մէջ՝ ինքնութեան կերտումի այս ընթացքին:
Նշենք, որ վարժարանս ուսում ջամբելու կողքին յանձնառու է, յատկապէս սուրիահայ աշակերտներու յատուկ ծրագիրով, բերանացի կերպով արտայայտուելու, կարդալու, գրելու եւ նոր միջավայրին ու մշակոյթին վարժուելու կարողութիւններ աւանդել, եւ այս բոլորը իրականացնել գործնական գետնի վրայ, որպէսզի անոնք փորձառութիւն ձեռք բերեն, եւ ամրապնդուի իրենց ինքնավստահութիւնը:
Այս առթիւ Գանատայի Ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլին ներկայ գտնուեցաւ սոյն դրամահաւաքին եւ բարձր գնահատեց ե՛ւ դպրոցին մասնակցութիւնը, ե՛ւ սուրիահայ աշակերտներուն խանդավառութիւնը:
Լուսանկարին մէջ նախարար Ժոլի աջէն չորրորդը։