Հրաւէր Եղեռնի զոհերու եւ վերապրողներու ժառանգորդներուն

 

Հրաւէր Եղեռնի զոհերու եւ վերապրողներու ժառանգորդներուն 


Նիւ Եորք, Մարտ 2013- Libra-6 Productions, Inc. կազմակերպութիւնը այսու կը յայտարարէ‘ ՎԿԱՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ծրագիրը, որը կը միտի ԱՆԼԵՐԵՆՈՎ հրատարակել Եղեռնի զոհերու, Եղեռնէն ազատուողներու եւ անոնց գերդաստաններուն պատումները, գրի առնուած զոհերու եւ վերապրողներու յաջորդ սերունդին կողմէ։

Libra-6 Productions, Inc. Նիւ Եորք նահանգի մէջ արձանագրուած, ոչ շահաբեր կազմակերպութիւն է եւ համամարդկային խնդիրներ կը հետապնդէ՝ թատրոնի, արուեստի եւ մշակութային ձեռնարկներու միջոցաւ։ Կազմակերպութեան նորընտիր նախագահը՝ տոքթ. Հրանդ Մարգարեան ըսաւ. «Ամէն հայ, Եղեռնի պատմութիւն մը ունի։ Ամէն հայ, նահատակ մÿունի իր հոգւոյն մէջ։ Այս ծրագիրը կը ձգտի՝ մեր նահատակներուն արդար դատը ներկայացնել համայն մարդկութեան։ Ցարդ հրատարակուած յուշագրութիւններուն եւ բանաւոր ձայնագրութիւններուն կողքին, «Վկայագրութիւններ»ը յաւելեալ նոր, դեռ չգրուած եւ չարձագանգուած վաւերական պատումներ պիտի պարունակէ: Կարելի պիտի չըլլայ Եղեռնի զոհերուն ամբողջական պատմութիւնները արձանագրել, սակայն մեր պարտքն ու պարտականութիւնն է, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, փրկել ինչ որ կարելի է եւ այդ ահաւոր դէպքերը կեանքի կոչել, որպէս փաստերու յաւելեալ շերտ մը Եղեռնի 100-ամեակի նախօրեակին, ուղղուած՝ անհատներու, պետական կառոյցներու եւ համաշխարհային մարմիններու»:

Խմբագրական կազմի արհեստավարժ անդամներն են՝ Այրիս Չէքէնեան, Այրիս Փափազեան, Րաֆֆի Սեթեան եւ Թամ Վարդապետեան, որոնք պիտի վերանային գրութիւնները հրատարակութեան պատրաստելու համար։

Կը սպասենք ձեր գրութիւններուն։ Կը խնդրենք նկատի առնել հետեւեալ կէտերը.


1- Գրութիւնները պէտք է անձնական վաւերական պատումներ ըլլան։

2- Նշել զոհերու, վերապրողներու անունները, ծննդավայրերը, աքսորի ճանապարհը։

3- րութիւնները 1-15 էջ անգլերէն կամ Հայերէն կրնան ըլլալ թարգմանութիւնը անվճար է։ 

4- Քաջալերելի է ընտանեկան կամ անհատական նկարներ, քարտէսներ ղրկել։ 

5- Վաւերականութեան համար, գրողները պէտք է ներկայացնեն իրենց համառօտ կենսագրական կէտերը, անունն ու մականունը, հասցէն, հեռախօսի թիւը, ել-նամակը։

6- րութիւն մը ընդունելու կամ մերժելու որոշումը, վերապահուած է Libra-6ին։

7- Նիւթական յատկացում պիտի չկատարուի ոեւէ գրողի։

8- Հրատարակութիւնը կ՛արձանագրուի ԱՄՆ-ի օրէնքներուն համաձայն։

9 – Հրատարակուած գիրքէն օրինակ մը կը նուիրուի ամէն մէկ գրութեան հեղինակին։ 

10 – Ա. հատորը – 500 էջ – կը հրատարակուի ստացուած նիւթերու առաջնահերթ կարգով։

11- Գրութիւնները կարելի է յղել՝ e-mail: libra6productions@gmail.comՆիւ Եորք, Մարտ 2013- Libra-6 Productions, 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.