Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու նախագահ Կոտֆրիտ Լոխըրը
ԱՆԹԻԼԻԱՍ- Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Նախագահ Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ զուիցերիական եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեանց եւ յատկապէս, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով զուիցերիական եկեղեցիներուն կողմէ կատարուած շարք մը նախաձեռնութիւններուն, եւ այդ ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետին Զուիցերիա տուած այցելութեան։
Նորին Սրբութիւնը եւ Դոկտ. Լոխըրը նաեւ քննարկեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու կարելիութիւնները։
Ապա, Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրը ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին։
Յայտնենք, որ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան շրջանէն սկսեալ սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ Եկեղեցիներուն միջեւ։ Արմենոֆաս մարդասիրական կառոյցը յիշեալ գործակցութիւնը կը շարունակէ, բնականաբար նոր մօտեցումներով՝ առաջնահերթութիւն տալով մեր օրերու ընկերային ծառայութեան կարիքներուն։