96 տարի առաջ այսօր՝ Ստալինեան որոշումով Լեռնային Ղարաբաղը բռնակցուեցաւ Ատրպէյճանին

Ն. Պէրպէրեան

1921 թո­ւա­կա­նի այս օ­րը՝ ­Յու­լիս 5ին, տխրահռ­չակ բռնա­տէր Ս­տա­լի­նի հրա­հան­գով՝ հա­մայ­նա­վար ­Ռու­սաս­տա­նը կոր­ծա­նա­րար ո­րո­շում մը պար­տադ­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դին։
5 ­Յու­լիս 1921ի ա­ռա­ւօ­տեան վաղ ժա­մե­րուն, գոր­ծադ­րե­լով Ք­րեմ­լի ղե­կա­վա­րու­թեան վրայ մե­նա­կա­լու­թիւն հաս­տա­տած Ս­տա­լի­նի հրա­հան­գը՝ այս­պէս կո­չո­ւած ­Ռու­սա­կան ­Կո­մու­նիս­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան Կ. ­Կո­մի­տէի ­Կով­կա­սեան ­Բիւ­րոն ա­պօ­րի­նի ո­րո­շում մը կա­յա­ցուց եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը ան­ջա­տեց ­Հա­յաս­տա­նէն ու բռնակ­ցեց Ատր­պէյ­ճա­նին։

­Պատ­մա­կան ու հան­րա­գի­տա­կան տե­ղե­կան­քով՝ «1921 թ. ­Յու­լի­սի 4ին ­Ռու­սաս­տա­նի ­Կո­մու­նիս­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ­Կով­կա­սեան ­Բիւ­րոն, Վ­րաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Թ­բի­լի­սիում հրա­ւի­րում է լիա­գու­մար նիստ, ո­րի ըն­թաց­քում …հաս­տատ­ւում է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հայ­կա­կան Խ.Ս.Հ. մաս հան­դի­սա­նա­լու փաս­տը։ ­Սա­կայն, ­Մոս­կո­ւա­յի թե­լադ­րան­քով եւ Ս­տա­լի­նի ան­մի­ջա­կան մի­ջամ­տու­թեամբ, ­Յու­լի­սի լոյս 5ի գի­շե­րը, վե­րա­նայ­ւում է նա­խորդ օ­րո­ւայ ո­րո­շու­մը եւ, փոխարէնը, ըն­դուն­ւում է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը ­Խորհր­դա­յին Ադր­բե­ջա­նի կազ­մում ընդգր­կե­լու եւ այդ տա­րած­քում ինք­նա­վար մարզ կազ­մա­ւո­րե­լու վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում՝ չպահ­պա­նե­լով նոյ­նիսկ ըն­թա­ցա­կար­գը։

…Ա­ւե­լի՛ն. ա­մէն ինչ ա­րո­ւեց, որ­պէս­զի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզն ընդ­հա­նուր սահ­ման չու­նե­նայ ­Հա­յաս­տա­նի հետ։ ­Խորհր­դա­յին ողջ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծում ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­յու­թիւ­նը չհաշ­տո­ւեց այդ ո­րոշ­ման հետ եւ տաս­նեակ տա­րի­ներ պայ­քա­րեց ­Մայր ­Հայ­րե­նի­քին վե­րա­միա­ւո­րո­ւե­լու հա­մար։

«Ար­ցախն Ադր­բե­ջա­նին ան­մի­ջա­պէս բռնակ­ցե­լուց յե­տոյ՝ սկիզբ ա­ռաւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը։ 1920ա­կան թթ. Ար­ցա­խում հա­կա-ադր­բե­ջա­նա­կան շար­ժու­մը ղե­կա­վա­րե­լու նպա­տա­կով ստեղ­ծո­ւեց «­Ղա­րա­բա­ղը՝ ­Հա­յաս­տա­նին» միու­թիւ­նը։ 1927 թ. ­Նո­յեմ­բե­րի սկզբնե­րին միու­թիւ­նը հա­զա­րա­ւոր թռու­ցիկ­ներ է ցրել՝ ­Ղա­րա­բա­ղը ­Հա­յաս­տա­նին նշա­նա­բա­նով։ 1962 թ. Ս­տե­փա­նա­կեր­տի աւ­տո­շա­րա­սեան 300 աշ­խա­տա­ւոր­ներ բո­ղոք-նա­մակ գրե­ցին Խ.Ս.Հ.Մ. ­Գե­րա­գոյն ­Խորհր­դի նա­խա­գա­հու­թիւն, կու­սակ­ցու­թեան ­Կենտ­կոմ եւ ­Մի­նիստր­նե­րի ­Խոր­հուրդ։

­Նա­մա­կում ներ­կա­յա­ցո­ւեց մար­զի գա­ղու­թա­յին վի­ճա­կը եւ ա­ռա­ջար­կո­ւեց Լ.Ղ.Ի.Մ.ը վե­րա­միա­ւո­րել Հ.Խ.Ս.Հ.ին։ 1962 թ. մի շարք մտա­ւո­րա­կան­ներ նմա­նօ­րի­նակ նա­մա­կով դի­մե­ցին Խ.Մ.Կ.Կ. ­Կենտ­կո­մին։ Այս­պի­սի դի­մում­նե­րը կրում էին պար­բե­րա­կան բնոյթ եւ յղւում էին թէ՛ Լ.Ղ.Ի.Մ.ից, թէ՛ Հ.Խ.Ս.Հ.ից։ ­Միայն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղից ­Կենտ­կո­մին հա­սած դի­մում­նե­րի տակ ստո­րագ­րել էին 45 հա­զար աշ­խա­տա­ւոր­ներ։ ­Փաս­տօ­րէն, չնա­յած Լ.Ղ.ն­ ա­պօ­րի­նա­բար բռնակ­ցո­ւել էր Ադր.Խ.Ս.Հ.ին, այն եր­բեք չէր կորցնում ան­կա­խա­նա­լու եւ ­Մայր ­Հա­յաս­տա­նին միա­ւո­րո­ւե­լու ձգտու­մը ։

Այ­նու­հե­տեւ՝ 1988ի ­Փետ­րո­ւա­րին թափ ա­ռած Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մէն աս­դին, շատ մե­լան հո­սած է ստա­լի­նեան այդ կա­մա­յա­կան, ա­պօ­րի­նի եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ա­նար­դար ո­րո­շու­մին պատ­մա­կան լու­սա­բան­ման եւ ան­խու­սա­փե­լի սրբագր­ման հա­մար։

­Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը, եր­կու ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, իր քննար­կում­ներն ու վի­ճար­կում­նե­րը կեդ­րո­նա­ցու­ցած է խորհր­դա­յին­նե­րու այդ ո­րոշ­ման ի­րա­ւա­կան ար­ժե­ւո­րու­մին վրայ։
­Մէկ ուղ­ղու­թիւ­նը հիմ­նա­ւո­րած ու դա­տա­պար­տած է այդ ո­րոշ­ման կա­մա­յա­կան, ա­պօ­րի­նի եւ ա­նար­դար բնոյ­թը։ Ս­տա­լի­նեան ո­րո­շու­մին մէջ ի­րա­ւա­կան ո­րե­ւէ հիմք գո­յու­թիւն չէ ու­նե­ցած եւ պար­զա­պէս մե­ծա­պե­տա­կան շա­հախնդ­րու­թեանց յա­գուրդ տո­ւող գոր­ծարք մը ե­ղած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի բռնակ­ցու­մը Ատր­պէյ­ճա­նին։

Երկ­րոր­դը՝ հիմ­նա­ւո­րած է ի­րա­ւա­գի­տա­կան տա­րա­զու­մը Ար­ցա­խեան ­Հար­ցի բա­նակ­ցա­յին լուծ­ման հա­մար հայ­կա­կան կող­մին ա­ռա­ջադ­րած եւ պաշտ­պա­նած տե­սա­կէ­տին։
Ի պա­տաս­խան ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի այն հե­տե­ւո­ղա­կան պնդու­մին, թէ իբր յա­նուն Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը պէտք է վե­րա­դար­ձո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին, հայ­կա­կան կող­մը ի­րա­ւա­բա­նօ­րէն կը հիմ­նո­ւի այն փաս­տին վրայ, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը եր­բեք մաս չէ կազ­մած Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ, հե­տե­ւա­բար, ան­հիմն ու ան­հե­թեթ է ա­մէն խօ­սակ­ցու­թիւն Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման մա­սին։

Ար­դա­րեւ, ե­թէ 1921ին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը յայ­տա­րա­րո­ւած էր մէկ մա­սը Ատր­պէյ­ճա­նի, այդ քայ­լը ի­րա­ւա­բա­նօ­րէն նախ ե­ղած էր ա­պօ­րի­նի, ա­պա՝ բռնակ­ցու­մը կա­տա­րո­ւած էր ի սպաս ­Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի, այլ ոչ թէ ան­կախ Ատր­պէյ­ճա­նի։

Ա­պա՝ բռնակ­ցու­մը կա­տա­րո­ւած էր խորհր­դա­յին սահ­մա­նադ­րա­կան պայ­ման­նե­րով, ո­րոնք 1991էն ետք կորսն­ցու­ցին ի­րենց ի­րա­ւա­կան հիմ­քը, երբ նոյ­նինքն Ատր­պէյ­ճան մեր­ժեց ճանչ­նալ խորհր­դա­յին կար­գե­րը եւ դուրս ե­կաւ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն, նախ­քան ա­նոր պաշ­տօ­նա­կան լու­ծա­րու­մը։

Այլ խօս­քով՝ նոյ­նինքն 5 ­Յու­լիս 1921ի խորհր­դա­յին պաշ­տօ­նա­կան ո­րո­շու­մէն մեկ­նե­լով, ա­նոր ա­նար­դար բնոյ­թը շեշ­տե­լով հան­դերձ, հայ ժո­ղո­վուր­դը ի­րա­ւա­կան ա­մէն հիմք ու­նի կառ­չած մնա­լու այն փաս­տին, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն բնաւ մաս չէ կազ­մած Ատր­պէյ­ճա­նին։

­Պատ­մու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րած է, որ ­Ռու­սա­կան ­Կայս­րու­թեան ան­կու­մէն յե­տոյ, ­Կով­կա­սի մէջ սկսած պե­տու­թիւն­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման հանդ­րո­ւա­նին, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը 1918-20 թո­ւա­կան­նե­րուն կռուախն­ձոր դար­ձաւ՝ մէկ կող­մէ իր ան­կա­խու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ, միւս կող­մէ, թրքա­կան զօր­քե­րու ներ­խուժ­ման պայ­ման­նե­րուն մէջ ձե­ւա­ւո­րո­ւած նո­րաս­տեղծ Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ։

Այդ ա­տեն ծայր ա­ռաւ հա­յեւ­թա­թա­րա­կան դա­ժան պա­տե­րազմ մը, ո­րու ըն­թաց­քին Ար­ցա­խը հե­րո­սա­բար պաշտ­պա­նեց ինք­զինք եւ պա­պե­նա­կան իր հո­ղը։
Անդր­կով­կա­սի թա­թար­նե­րուն Իթ­թի­հա­տի կող­մէ «հրամ­ցո­ւած» Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, իր կազ­մա­ւոր­ման պա­հէն իսկ, շա­րու­նա­կա­բար հո­ղա­յին պա­հանջ­ներ ներ­կա­յա­ցուց Անդր­կով­կա­սի հայ­կա­կան շրջան­նե­րուն նկատ­մամբ:

Թր­քա­կան կա­նո­նա­ւոր զօր­քերն ու Ատր­պէյ­ճա­նի մու­սա­ւա­թա­կան զօ­րա­միա­ւոր­նե­րը, օգ­տո­ւե­լով Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի եւ ­Ռու­սաս­տա­նի ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան անկ­ման հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած խառ­նաշ­փոթ ի­րա­վի­ճա­կէն, փոր­ձե­ցին իր ա­ւար­տին հասց­նել հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ 1915ին գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը։
1918էն 1920, հա­մաթր­քա­կան մեծ պե­տու­թիւն մը հիմ­նե­լու հրէ­շա­ծին ծրագ­րով տա­րո­ւած՝ թրքա­ցեղ այդ զօր­քե­րը բնաջն­ջե­ցին հա­րիւ­րա­ւոր հայ­կա­կան գիւ­ղեր, կազ­մա­կեր­պե­ցին հա­յե­րու ջար­դեր ­Պա­քո­ւի եւ ­Գեան­ջա­յի մէջ:
­Բայց նոյ­նինքն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ թուր­քե­ւա­զե­րիա­կան զօր­քե­րը բա­խե­ցան լուրջ դի­մադ­րու­թեան եւ պար­տո­ւած նա­հան­ջի դի­մե­ցին՝ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Ար­ցա­խի ա­տե­նի մայ­րա­քա­ղաք ­Շու­շին 1920ի ­Մարտ 23ին հրկի­զո­ւած ու թա­լա­նո­ւած էր, իսկ ա­նոր հայ բնակ­չու­թիւ­նը կո­տո­րո­ւած։

­Ճիշդ այդ ժա­մա­նակ, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ հա­մա­րեց մի­ջամ­տել ան­նա­խըն­թա­ցօ­րէն ող­բեր­գա­կան բնոյթ ստա­ցած հա­կա­մար­տու­թեան։
1920ի ­Դեկ­տեմ­բեր 1ին, Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յի 5րդ ­Կո­մի­տէն, իր 3րդ Են­թա­կո­մի­տէի զե­կոյ­ցին վրայ հիմ­նուե­լով եւ հա­կա­դար­ձե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րուն ու ա­զե­րի­նե­րու ձե­ռամբ հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած­նե­րուն, միա­ձայ­նու­թեամբ ո­րո­շեց մեր­ժել Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դի­մու­մը՝ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յին ան­դա­մակ­ցե­լու։

Օ­րին, Ազ­գե­րու ­Լի­կան նաեւ ո­րո­շեց, մին­չեւ հա­կա­մար­տու­թեան վերջ­նա­կան կար­գա­ւո­րու­մը, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը ճանչ­նալ իբ­րեւ վի­ճե­լի տա­րածք, ո­րուն շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թեան յան­գե­ցան հա­կա­մար­տու­թեան ա­ռըն­չա­կից բո­լոր կող­մե­րը, ա­նոնց շար­քին եւ Ատր­պէյ­ճա­նը։ Այս­պէ՛ս, 1918-20 թո­ւա­կան­նե­րուն, Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, ա­նոր գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը չէր տա­րա­ծո­ւած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի, ինչ­պէս եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի վրայ։

Այ­նու­հե­տեւ, Անդր­կով­կա­սի մէջ խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մին հե­տե­ւե­ցաւ քա­ղա­քա­կան նոր քար­տէ­սի սահ­մա­նագ­ծու­մը։
1920ի ­Դեկ­տեմ­բե­րի վեր­ջե­րուն, ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի հռչա­կու­մէն յե­տոյ, ­Կար­միր ­Բա­նա­կի զօր­քե­րը, մին­չեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի հար­ցին խա­ղաղ լու­ծու­մը, ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս գրա­ւե­ցին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը:

­Միա­ժա­մա­նակ՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ, Ատրպէյ­ճա­նի ­Յեղ­կո­մը (­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Կո­մի­տէն, որ պոլ­շե­ւի­կեան այդ ժա­մա­նա­կո­ւան իշ­խա­նու­թեան գլխա­ւոր մար­մինն էր) պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թեամբ ճանչ­ցաւ ՙ­վի­ճե­լի տա­րածք­նե­րուն՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի, ­Զան­գե­զու­րի եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նին ­Հա­յաս­տա­նի ան­բա­ժա­նա­լի մա­սը ըլ­լա­լը: ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի, ­Զան­գե­զու­րի եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի նկատ­մամբ իր յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րէն հրա­ժա­րե­լու մա­սին ատր­պէյ­ճա­նա­կան այդ յայ­տա­րա­րու­թեան պա­հուն, հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րը ի­րո­ղա­պէս մաս չէին կազ­մեր ­Խորհրդա­յին Ատր­պէյ­ճա­նին։

«­Վի­ճե­լի տա­րածք­ներ»ու նկատ­մամբ իր յա­ւակ­նութ­յուն­նե­րէն հրա­ժա­րե­լու մա­սին ­Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեանց մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թեան հի­ման վրայ, 1921ի ­Յու­նիս 21ին, ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը յայ­տա­րա­րեց իր ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը:

­Հան­րա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը կ­՚եզ­րա­կաց­նեն, որ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ըն­դու­նած հա­մա­պա­տաս­խան ­Դեկ­րե­տը լոյս տե­սաւ ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի, այն­պէս ալ Ատր­պէյ­ճա­նի խորհր­դա­յին մա­մու­լի է­ջե­րուն։ ­Պա­քո­ւի «Աշ­խա­տա­ւոր» թեր­թը, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ­Կոմ­կու­սի ­Կենտ­կո­մի օր­գանն էր, 1921ի ­Յու­նիս 22ին լոյս ըն­ծա­յեց ­Դեկ­րե­տը։ Այդ­պի­սով, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի փաս­տա­ցի միա­ցու­մը ­Հա­յաս­տա­նին, ինչ որ մի­ջազ­գա­յին-ի­րա­ւա­կան ի­մաս­տով Անդր­կով­կա­սոի մէջ, կո­մու­նիս­տա­կան վար­չա­կար­գի ըն­թաց­քին, ե­ղաւ վեր­ջին օ­րի­նա­կան ակ­տը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի վե­րա­բե­րեալ։

­Միաց­ման այդ ակ­տը ող­ջու­նե­ցին ինչ­պէս մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը, այն­պէս ալ ­Ռու­սաս­տա­նը, ինչ որ ամ­րագ­րո­ւե­ցաւ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յի ժո­ղո­վի բա­նա­ձե­ւին մէջ (թիւ /18.XII.1920թ.), ինչ­պէս նաեւ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յի գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րին՝ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յի ան­դամ-պե­տու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղո­ւած տե­ղե­կանք-նո­թին եւ ՌԽՖՍՀ ար­տա­քին գոր­ծե­րու ժո­ղովր­դա­կան կո­մի­սա­րիա­տի /նա­խա­րա­րու­թեան (իշ­խա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն մարմ­նին) ­Խոր­հուրդ­նե­րու XI նստաշր­ջա­նին ուղ­ղո­ւած 1920-21 թթ. տա­րե­կան զե­կոյ­ցին մէջ։

­Շու­տով, սա­կայն, ­Ռու­սաս­տա­նի պոլ­շե­ւի­կեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մու­նիս­տա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան օ­ժան­դա­կե­լու իր քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն մեկ­նե­լով եւ ­Թուր­քիոյ վե­րա­պա­հե­լով «Ա­րե­ւել­քի մէջ յե­ղա­փո­խու­թեան ջա­հա­կիր»ի դե­րը, ըստ այնմ փո­խեց իր վե­րա­բեր­մուն­քը վեր­ջի­նիս ազ­գա­յին ծա­գու­մով մեր­ձա­ւոր Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ՙ­վի­ճե­լի տա­րածք­նե­րու խնդրին, այդ շար­քին նաեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նկատ­մամբ:

Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, ­Մոս­կո­ւա­յի ցուց­մուն­քով, վերսկ­սաւ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ ձեռ­նար­կել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նկատ­մամբ իր յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

ՌԿ/բ/Կ ­Կով­բիւ­րո­յի պլե­նու­մը, ար­հա­մար­հե­լով Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յին ո­րո­շու­մը եւ մեր­ժե­լով ժո­ղովր­դա­կան հան­րա­քո­ւէն՝ իբ­րեւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ սահ­ման­նե­րու ո­րոշ­ման ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան մե­խա­նիզմ, 1921ի ­Յու­լիս 5ին, Ս­տա­լի­նի ան­մի­ջա­կան ճնշու­մին տակ եւ ի հա­կադ­րումն միաց­ման ակ­տի, ա­րա­րո­ղա­կար­գա­յին խախ­տում­նե­րով ո­րո­շում տո­ւաւ ­Հա­յաս­տա­նէն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի բռնի ան­ջատ­ման մա­սին՝ այդ հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րուն վրայ Ադր­բե­ջա­նա­կան ԽՍՀ կազ­մին մէջ լայն ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րով ազ­գա­յին ինք­նա­վա­րու­թիւն կազ­մա­ւո­րե­լու պայ­մա­նով:
Ա­հա՛ նման՝ ա­պօ­րի­նի, կա­մա­յա­կան եւ ա­նար­դար ո­րո­շու­մի մը կա­յաց­ման չա­րա­բաս­տիկ թո­ւա­կանն է 1921ի ­Յու­լիս 5ը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.