Եգիպտոսի խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ պիտի ներառէ իր օրակարգին մէջ
Եգիպտոսի խորհրդարանը կը պատրաստուի 1915-ին հայերու դէմ Թուրքիոյ իրագործած ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ պիտի ներառէ խորհրդարանական օրակարգին մէջ: Այս մասին «Երկիրի Մետիա»ին յայտնած է Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Արմէն Մազլումեանը, որ աւելցուցած է, թէ բանաձեւին մասին վերջերս Եգիպտոս գտնուող եւրոպացի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին նշած է եգիպտացի պատգամաւոր Մուսթաֆա Պաքրին:
Պաքրին նշած է, որ եգիպտական խորհրդարանի անդամները ստորագրահաւաք կազմակերպած են եւ 337 պատգամաւոր հաւանութիւն տուած է Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման նախաձեռնութեան` վստահութիւն յայտնելով, որ քուէարկութիւնը կատարուի ի նպաստ բանաձեւին: Եգիպտացի պատգամաւորը միաժամանակ դատապարտած է արաբական պետութիւններու կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ, նշելով, որ մինչ այժմ միայն Լիբանանն է որ ճանչցած է զայն: