Մահազդ – ընկեր ԱՐԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

 

Հ.Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոն խոր վշտով տեղեկացնում է, որ Նոյեմբերի 16-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքեց վաստակաշատ ընկեր, ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիների գործավար (աշխատակազմի ղեկավար)՝

ընկեր ԱՐԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆԸ

Հ.Յ. Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի անունից մեր վշտակցութիւնն ենք յայտնում ընկ. Արա Տէմիրճեանի ընտանիքին, հարազատներին ու ընկերներին։

Հ.Յ. Դաշնակցութեան
ԲԻՒՐՕ

16 Նոյեմբեր, 2016

Ընկ. Արա Տէմիրճեան

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ

 Արա Տէմիրճեան ծնած է Քեսապ, 1948 Յունուար 18-ին: Նախ նա կան կրթութիւնը ստացած է Քեսապի ազգային վարժարանէն ներս, ապա` յաճախած է Հալէպի Գարէն Եփփէ ճեմարանը: Պէյրութի Հայկազեան եւ Լիբանանեան համալսարաններէն ստացած է քաղաքական գիտութեանց վկայականը:

 Հետեւած է Հ.Յ.Դ. կուսակցական դպրոցի դասընթացքներուն, ընկ. Հրաչ Տասնապետեանի կնքահայրութեամբ` 1972-ին անդամակցած է Հ.Յ.Դ. շարքերուն: Անդամակցած է Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, եւ աւելի ուշ հանդիսացած է Զ.Ո.Մ.-ի ատենապետ:

 Արաբերէն լեզու դասաւանդած է Պէյրութի Սուրէն Խանամիրեան Ազգային վարժարանէն եւ «Համազգային»ի Նշան Փալանճեան Ճեմարանէն ներս:

 Եղած է Հայկական երեսփոխանական պլոքի քարտուղար ապա, 1977-էն սկսեալ մինչեւ մահը վարած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի գործավարութիւնը, որուն պատճառով շրջան մը (1986-1996), նոյն պաշտօնով տեղափոխուած է Յունաստան։

 2008 Դեկտեմբերին գումարուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին կողմէ ընտրուած է եւ այնուհետեւ վերընտրուած՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ:

 Արա Տէմիրճեան նշանակալի ներդրում ունեցած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան հիմնադրութեան մէջ: Կուսակցական կեանքին ընթացքին, անմիջական գործակիցը եղած է ընկերներ՝ Գէորգ Առաքելեանի, Սարգիս Ազնաւուրեանի, Աբօ Աշճեանի, Հրաչ Տասնապետեանի եւ Հրայր Մարուխեանի:

 Պսակուած է 1975-ին, Զարմիկ Կէօքճեանի հետ, որուն անակնկալ մահը 2014-ին իրեն համար եղաւ հիմնական կորուստ մը:

 Յետ կարճատեւ հիւանդութեան, մահկանացուն կնքեց Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Պէյրութ։

 Արա Տէմիրճեան ունի երեք զաւակ՝ Պետօ, Սարհատ եւ Լալա, եւ՝ երեք թոռներ:

 Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր, 2016-ին, ժամը 01։00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Լիբանան։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.