ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան լիագումարին արծարծուեցաւ սուրիահայութեան օժանդակութեան հարցը

 

Նոյեմբեր 14-ին, Մոնթրէալի մէջ գտնուող Գանատայի հայոց Թեմի Առաջնորդարանին շէնքին մէջ սկսաւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան սուրիահայութեան օժանդակութեան, Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման, ՄԱԿ-ի ծիրէն ներս ՀՕՄ-ի ծաւալած գործունէութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ միութեան շրջանային կառոյցներու հիմնախնդիրները։
Նշենք, որ Նոյեմբեր 12-ին, Կեդրոնական Վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արեւելեան ԱՄՆ-ի, Արեւմտեան ԱՄՆ-ի, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներուն հետ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.