Համշենցիները բողոքի ցոյցով կը զօրակցին HDP-ի ձերբակալուած խորհրդարանի անդամներուն
- (0)
Թուրքիոյ Արդուին նահանգի համշէնական Խոպա քաղաքին մէջ բողոքի ցոյց կատարուած է Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան դէմ կատարուող ճնշումներուն և ընդդիմադիր HDP կուսակցութեան խորհրդարանի անդամներու ձերբակալութեան դէմ: Այս մասին կը յայտնէ թրքական Ճումհուրիէթ թերթը: Նշենք, որ Խոպայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմեն համշենահայեր։
Ոստիկանութիւնը փորձած է խոչընդոտել, սակայն ցուցարարներու ջանքերով բողոքի ցոյցը կայացած է: