Վանգուվըրի Մէջ 40.000 Տոլար Հանգանակուեցաւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Համար

 

Գանատայի արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը Նոյեմբեր 5-ին դրամահաւաքի երեկոյ մը կազմակերպեց նուիրուած երաժշտութեան եւ ջատագովութեան։

Հայ դատի շուրջ 100 բարեկամներ ու աջակիցներ հաւաքուեցան Հայ համայնքի կեդրոնի «Լազարեան» սրահին մէջ տեղեկութիւններ ստանալու եւ լաւ ժամանակ մը անցնելու համար։

Յակոբ Տէր Յակոբեան ներկայացուց Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքները։ Բանախօսներն էին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Տօնապետեան‚ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։

Երեկոյի ընթացքին «Պատուոյ Հայ»-ի մրցանակներ տրուեցան երկու քաղաքագէտներու‚ որոնք տեղւոյն հայ համայնքին զօրակցութիւն ցուցաբերած են։ Առաջինը՝ Ռիչմընտէն ընտրուած նահանգային խորհրդարանի երկարատեւ անդամ եւ այժմ Պրիթիշ Քոլոմպիայի օրէնսդրական մարմինի Ներկայացչական տան նախագահ Լինտա Ռիտն էր‚ իսկ երկրորդը՝ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Տոն Տէյվիսը‚ որ բազմաթիւ տարիներու վրայ երկարող հաստատ աջակցութիւն ցուցաբերած է գանատահայերուն եւ հայկական հարցերուն։ Տոն մասնակցած է Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն։

Համայնքի վաղեմի հիմնադիր եւ եկեղեցւոյ բարերար պրն. Սահակ Սաւօ Լազարեանի պարգեւուեցաւ Գանատայի արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի բարձրագոյն պարգեւը։ Ան հայ համայնքին ու Հայ դատին իր 50-ամեայ նուրիեալ ծառայութեան‚ աջակցութեան եւ մարդասիրական գործունէութեան համար ստացաւ «Liftime Achievment Award»։ «Լազարեան» սրահին անունը անոր ընտանիքին ունեցած ներդրումներուն վկայութիւնն է։

Ներկաները նաեւ վայելեցին երաժշտական համերգը երկու բարձր մակարդակի երաժշիտներու՝ յօրինող‚ երգահան‚ դաշնակահար Արմէն Մարտիրոսեանի եւ ջութակահար Սամուէլ Երուինեանի‚ որոնք ներկաները հմայեցին երեք երկերով։ Անոնք կատարեցին Արմէնի հռչակաւոր յօրինումներու‚ հայկական դասական ժողովրդային եւ նոր կտորներ։ Երրորդ եւ վերջին կտորին դասական կիթառի վրայ անոնց ընկերակցեցաւ Վահէ Յակոբեան։

Աւելի քան 40.000 տոլար հաւաքուեցաւ ի նպաստ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին՝ այս տարի Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին համար կատարուած դրամահաւաքի գումարը բարձրացնելով աւելի քան 280.000 տոլարի։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.