Հայաստան գալ փափաքող ոչ մէկ սուրիահայ մերժում կը ստանայ
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտարարած է, որ Հայաստան գալ փափաքող ոչ մէկ սուրիահայ մերժում կը ստանայ: Միայն վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին Հայաստան տեղափոխուած են սուրիահայ եօթը ընտանիք:
Sputnik – Այս շաբթուան ընթացքին Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած են սուրիահայ եօթը ընտանիք՝ 28 հոգի: Այս մասին յայտնեց Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ տեղեկացուց, որ բոլոր այն ընտանիքները, որոնք հայրենիքի մէջ բնակութեան տեղ չունին, կը տեղաւորուին ժամանակաւոր կացարաններու մէջ, այնուհետեւ կը տեղափոխուին վարձակալած բնակարաններ:
«Մինչեւ արիւնալի Ուրբաթը, այսինքն՝ Սեպտեմբեր 30-ը, Հայաստան եկեր է 420 հոգի, Սեպտեմբեր 30-էն ետք, ամբողջ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Հայաստան եկած են 47 հոգի, այսինքն՝ աւելի քիչ, քան մնացած ամիսներուն: Իսկ Նոյեմբեր 1-էն ետք այս 4-5 օրուան ընթացքին, Հայաստան եկած են է 28 հոգի», ըսաւ Հրանուշ Յակոբեան՝ միաժամանակ վստահեցնելով, որ Հայաստան գալ փափաքող ոչ մէկ սուրիահայ մերժում կը ստանայ: Սփիւռքի նախարարը խոստովանեցաւ, որ կառավարութիւնը միայն սեփական միջոցներով չի կրնար հոգալ սուրիահայերուն բոլոր կարիքները, ուստի շատ յաճախ կը դիմէ նաեւ բարեգործական կազմակերպութիւններու:
Անդրադառնալով սփիւռքահայերու՝ Հայաստանի մէջ գործարար ներդրումներ ընելու հարցին, Հրանուշ Յակոբեան յայտարարեց, որ նոր կառավարութիւնը անոնց շատ աւելի մեծ վստահութիւն ներշնչած է:
«Կայ ոգեւորութիւն, կը մտածեն գալ, կը մտածեն այստեղ ներդրումները աշխուժացնել: Վարչապետին յայտարարութիւնները, ծրագիրն ու հարցադրումները վստահութիւն ներշնչած են», ըսաւ Հրանուշ Յակոբեան՝ հրաժարելով, սակայն, նշել, թէ նախորդ կառավարութիւնն ու վարչապետը ինչո՛ւ նոյն վստահութիւնը չէին ներշնչած: