AFP գործակալութիւնը կը շարունակէ չակերտել ցեղասպանութիւնը
Արդէն բազմիցս առիթը ունեցանք անդրադառնալու ցեղասպանութիւն եզրին AFP-ի կողմէ չակերտուելու հարցին: Վերջին անգամ գրեցինք, թէ ֆրանսական գործակալութեան խմբագրական կազմի պատասխանատուն՝ իրեն ներկայացուած բողոքին նամակով մը պատասխանելով՝ յանձնառու եղած էր աւելի մօտէն հետեւելու հարցին, եւլն…: Բայց ըստ երեւոյթին բան չէ փոխուած: Այս մասին կը յայտնէ «Նոր Յառաջ»-ը:
Արդարեւ, AFP կը շարունակէ «ցեղասպանութիւն» (չակերտաւոր) ձեւը գործածել, նոյնիսկ երբ եզրը չի պատկանիր մէջբերումի մը:
AFP ատոր նորագոյն փաստը տուած է կիւլէնականներու առընչուող վերջին զարգացումներէն եւ «Ճումհուրիյէթ»-ի լրագրողներու ձերբակալութենէն ետք (տե՛ս. քովի սիւնակները) Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւններու լարումին վերաբերող լրատւութեան մը մէջ: Գործակալութիւնը հոն կ՚արծարծէ Հայոց «ցեղասպանութեան» (չակերտեալ) Պունտեսթակի կողմէ ճանաչման հարցը, գերման երգիծաբանին՝ Էրտողանը ծաղրի ենթարկելու պարագան, նշելու համար, թէ վերջին ամիսներուն երկու երկիրներու յարաբերութիւնները լարող դէպքերը իրարու յաջորդեցին: