Տիարպեքիրցի Ստեփան Էփրեմեան. «…Կ՚ապրիմ իմ հողիս վրայ, եւ պիտի շարունակեմ ապրիլ ճիշդ ձեզի պէս»
«Հորիզոն»ի աշխատակից Սոֆիա Յակոբեան թարգմանած է տիարպեքիրցի Ստեփան Էփրեմեանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի յուշամատեանին մէջ գրած նամակը։
«…Կ՚ապրիմ իմ հողիս վրայ, եւ պիտի շարունակեմ ապրիլ ու մահանալ ճիշդ ձեզի պէս, Հրանդի պէս, Սեւակի պէս…
Պապի՛կ, մէկ բան կայ, որ իրենք (թուրքերը) մոռցած են, մէկ բան կայ, զոր չեն կրցած յաջողցնել. մեզի ձեզմէ եւ զիս քեզմէ չկրցան բաժնել: Չկրցան զիս զրկել քեզի պէս խօսելէն, աղօթելէն, երգելէն, մէկ խօսքով՝ քեզի պէս ապրելէն: Որովհետեւ գլուխիս մէջ եղած սահմանները ոչնչացուցի, ինչպէս որ դուն սորվեցուցեր էիր մայրիկիս եւ հայրիկիս, եւ ինչպէս որ անոնք սորվեցուցին ինծի: Կամուրջ նետեցի դէպի սէր տանող ամէն ճանապարհ: Երեւանէն դէպի Տիգրանակերտ, այնտեղէն` Քիահթա… այնտեղէն ալ` ամէն տեղ, ուր վայրի սիրտը ձեզի հետ է… Լոյսերու մէջ եղէք»: Տիարպեքիրցի Ստեփան Էփրեմեան. «…Կ՚ապրիմ իմ հողիս վրայ, եւ պիտի շարունակեմ ապրիլ ճիշդ ձեզի պէս»