«Նարեկացի» նուագախումբը գլխաւոր մրցանակակիր

 

Հոկտեմբեր 31-ին, կ. ե. ժամը 4:00ին, Արամ Խաչատուրեանի անուան համերգասրահին մէջ Հայաստանի Երաժշտական ընկերութիւնը, ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութիւնը, գեղարուեստական դաստիարակութեան մշակոյթի կեդրոնին հետ համատեղ կազմակերպած էին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ժողովրդական նուագարաններու անսամպլներու առաջին մրցոյթփառատօնը:

«Նարեկացի» արուեստի միութեան «Նարեկացի» ժողովրդական գործիքներու նուագախումբը, գեղարուեստական ղեկավար Արտեմ Խաչատուրի գլխաւորութեամբ, եւ «Նովա» ժողովրդական նուագարաններու անսամպլը՝ գեղարուեստական ղեկավար Յովիկ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, իրենց մասնակցութիւնը բերին մրցոյթփառատօնին՝ արժանանալով գլխաւոր մրցանակներու: Ժողովրդական նուագարաններու անսամպլներու մրցոյթփառատօնին «Նարեկացի» ժողովրդական գործիքներու նուագախումբն արժանացաւ գլխաւոր մրցանակի, իսկ «Նովա» ժողովրդական նուագարաններու անսամպլը գրաւեց առաջին հորիզոնականը: Փառատօնը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձին եւ տեղի կ’ունենար հայ երաժշտարուեստի մեծ երախտաւոր Թաթուլ Ալթունեանի ծննդեան 115-ամեակին նուիրուած յոբելինական միջոցառումներուն ընթացքին: 

Մրցոյթփառատօնին նպատակն է բարձրացնել ազգային նուագարաններու համոյթներու կատարողական վարպետութիւնը:


 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.