Պոլսոյ հայոց պատրիարքը պաշտօնանկ եղած է
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդը, ըստ եկեղեցական աւանդոյթներէն բխող դրոյթներուն, ներկայ Պատրիարք Մեսրոպ Բ. Մութաֆեանը պաշտօնանկ ընելու որոշում կայացուցած է:
Հարցը այն է, որ 2008 թուականէն ի վեր պատրիարք Մութաֆեանը անբուժելի հիւանդութեան պատճառով հիւանդանոց տեղափոխուած է: Իսկ պատրիարքութիւնը կը ղեկավարէ պատրիարքական փոխանորդ ընտրուած Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանը:
Ըստ եկեղեցական օրէնքներու՝ պատրիարքի մը 8 տարի փաստացի չպաշտօնավարման պարագային խորհուրդը նոր պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու իրաւունք կ’ունենայ:
«Ակօս» պարբերականին փոխանցմամբ՝ նախապէս Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած ժողովին քննարկուեր է Մութաֆեանի առողջական վիճակը: Հիմնուելով բժշկական զեկոյցներուն վրայ՝ արձանագրուած է, որ պատրիարքին առողջական վիճակի բարելաւման հաւանականութիւն չկայ, ուստի որոշում առնուած է զինք պաշտօնանկ ընելու:
Հոգեւոր խորհուրդին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ պատրիարքական աթոռին թափուր մնացած ըլլալուն պատճառով, որպէս յաջորդ քայլ, պիտի դիմեն պատկան մարմիններուն՝ նոր պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու թոյլտուութիւն ստանալու համար:
Պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանը «Ակօս»ին հետ զրոյցին մէջ, մեկնաբանելով վերոնշեալ որոշումը, ըսած է. «Թոյլտուութիւն ստանալու համար դիմում կը ներկայացնենք: Սակայն յայտնի չէ, թէ ե՛րբ կը ստանանք թոյլտուութիւնը. այդ կրնայ մէկ կամ երեք ամիս տեւել, կամ առհասարակ թոյլտուութիւն կրնայ չըլլայ: Իսկ քանի դեռ թոյլտուութիւն չկայ, ոչ ոք կրնար բան մը ընել»:
Նշենք, որ հակառակ Սթանպուլի հայ համայնքին նոր առաջնորդ ընտրելու պահանջքին՝ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը տարբեր պատճառներով պարբերաբար կը յետաձգուի: Համայնքին մեծ մասը «չ’ընդունիր» պատրիարքարանին մէջ նախապէս երբեք գոյութիւն չունեցած «փոխանորդ»ի պաշտօնով Մութաֆեանին փոխարինող Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանը, որ կը վայելէ թրքական իշխանութեան աջակցութիւնը:
http://www.ermenihaber.am/am/news/2016/10/27/Մութաֆյան/92464