Acts of Conscience Armin T. Wegner and the Armenian Genocide Վաւերագրական Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւն Թորոնթոյի Մէջ

 

Համագործակցութեամբ Գանատայի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանին եւ կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային եւ Թորոնթոյի տեղական յանձնախումբերուն, Հինգշաբթի 13 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Թանգարանի կողմէ պատրաստուած Acts of Conscience: Armin T. Wegner and the Armenian Genocide վաւերագրական Ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը Թորոնթոյի մէջ։ Հայ Դատի հարիւրաւոր բարեկամներու կողքին, սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյի մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Պետութեան հիւպատոս՝ Փիթըր Ֆահրենհոլդց, Գանատայի Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ՝ Արնոլտ Չան, Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ Ճիմ Քարիճեաննիս, Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի նախքին խօսնակ՝ Տէյվիտ Ուօրներ, Թորոնթոյի հանրային ուսումնական խորհուրդի անդամներ, Թանգարանի գործադիր տնօրէնութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։

 Օրուան բացման խօսքը արտասանեց՝ Քաթիա Տէր Հովակիմեան, որ իր խօսքի ընդմեջէն համառօտ ակնարկ մը կատարեց Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարած աշխատանքին եւ Գանատայի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանի հետ անոր համագործակցութեան կապակցութեամբ: Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Գանատայի Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ՝ Արնոլտ Չան եւ Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ Ճիմ Քարիճեաննիս: Երոսփոխան Չան իր խօսքի աւարտին կարդաց յատուկ նամակ մը յղուած Գանատայի վարչապետ՝ Ճասթըն Թրուտոյի կողմէ, սոյն վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան կապակցութեամբ:

 Ապա, խօսք առաւ Թանգարանի վարիչ-տնօրէն Ճոն Եանկ: Ան իր կարգին ներկայացուց Թանգարանի բազմերես գործունէութիւնը, Մարդկային իրաւանց շուրջ դաստիարակչական եւ քարոզչական ծրագիրներու բնոյթը, Հայոց Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ Թանգարանի տարած աշխատանքները եւ վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան տեղեկութիւններն ու Արմին Վենկըրի կեանքն ու գործունէութիւնը: Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ ժապաւէնի մէկնաբան, հայազգի հռչակաւոր բեմադրիչ՝ Ատոմ Էկոյեան, որ նաեւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 Ձեռնարկի փակման խոսքը փոխանցեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ Ընկեր Շահէն Միրաքեան: Ընկեր Միրաքեան ըսաւ թէ իւրաքանչիւր անձ հաւանաբար պիտի չ’կարողանայ Արմին Վենկըրի հանդգնութեամբ դէմ կանգնիլ Մարդկային Իրաւանց խախտումներուն, սակայն իւրաքանչիւրս պէտք է գիտակցինք թէ միայն մեր հաւաքական ջանքերուն ու անժամանցելի պայքարին կարչած մնալու վճռակամութեամբ է, որ պիտի յաղթահարենք մեր դէմ ծառացած մարտահրաւէրները եւ կանխարգիլենք յառաջիկայի խախտումները: Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհակլութիւն յայտնելով Թանգարանի անձնակազմին, բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանին եւ բոլոր ներկաներուն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.