Արմին Վեկնէրի նուիրուած ժապաւէնի ցուցադրութեան ներկայ գտնուեցաւ Գանատայի ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի

 

Horizon Weekly Newspaper

Համագործակցութեամբ Գանատայի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանին եւ կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային եւ Քեպէքի տեղական յանձնախումբերուն, Շաբաթ 29 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Թանգարանի կողմէ պատրաստուած “Acts of Conscience: Armin T. Wegner and the Armenian Genocide” վաւերագրական Ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը Մոնթրէալի մէջ։ Հայ Դատի հարիւրաւոր բարեկամներու կողքին, սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Գանատայի Ժարանգութեան Նախարարուհի՝ Մէլանի Ժոլի, Օթթաուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս՝ Պրն. Սասուն Յովհաննիսեան, Գանատայի Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ՝ Ֆայսալ Ալ Խուրի, Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, Թանգարանի գործադիր տնօրէնութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։

Օրուան բացման խօսքը արտասանեց՝ Արեւիկ Աֆարեան, որ իր խօսքի ընդմեջէն համառօտ ակնարկ մը կատարեց Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարած աշխատանքին եւ Գանատայի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանի հետ անոր համագործակցութեան կապակցութեամբ: Ապա, խօսք առաւ Նախարարուհի Ժոլի, որ անգամ մը եւս շեշտեց Գանատական կառավարութեան անհանդուրժողական կեցուածքը Մարդկային իրաւանց ոեւէ խախտումներու վերաբերեալ:

Ապա, խօսք առին Թանգարանի վարիչ-տնօրէն Ճոն Եանկ եւ թանգարանի հանրային յարաբերութեան պատասխանատու, Անժելա Քասի: Անոնք իրենց կարգին ներկայացուցին Թանգարանի բազմերես գործունէութիւնը, Մարդկային իրաւանց շուրջ դաստիարակչական եւ քարոզչական ծրագիրներու բնոյթը, Հայոց Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ Թանգարանի տարած աշխատանքները եւ վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան տեղեկութիւններն ու Արմին Վեկնըրի կեանքն ու գործունէութիւնը: Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ ժապաւէնի մէկնաբաններէն, հայազգի հռչակաւոր դերասանուհի՝ Արսինէ Խանճեան: Խանճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը նման գործերու պատրաստութեան եւ տարածման եւ կոչ ուղեց յատկապէս երիտասարդութեան, որ իրենց գործունէութեամբ ու նուիրումով տէր կանգին Հայ ժողովուրդի հաւաքական ինքնութեան ու իրաւունքներուն: Ապա, ներկաները առիթը ունեցան Խանճեանի եւ թանգարանի անձնակազմի անդամներուն հետ քննարկել ժապաւէնի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնն ու նպատակը, ինչպէս նաեւ Վեկնըրի կեանքն ու գործը: Քննարկումը համադրուեցաւ Փրոֆեսոր Լալէ Մանճիկեանի կողմէ:

Ձեռնարկի փակման խոսքը փոխանցեց Գանատայի Հայ Դատի շրջանային յանձնախումբի անդամ՝ Ընկերուհի Լոռի Ապրաքեան: Ընկերուհի Ապրաքեան իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Գանատտայի կառավարութեան, Թանգարանի անձնակազմին, Արսինէ Խանճեանին եւ բոլոր ներկաներուն, Հայ Դատի հանդէպ իրենց ցուցաբերած անվերապահ աջակցութեան համար:

Նշենք, որ նոյն վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի մէջ՝ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13-ին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.