ՀՀ Անկախութեան 25-ամեակի Գանատայի ՀՀ դեսպանատան ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նախարար Տիոն

 

Հոկտեմբերի 3-ին Գանատայի ՀՀ դեսպանութեան հրաւէրով Օթթաուայի Հայաստանի դեսպանատան ընդունելութեան սրահին մէջ կայացաւ ՀՀ անկախության 25-ամեակին նուիրուած պաշտօնական ընդունելութիւն:

Հանդիսութեան պատուոյ հիւրն էր Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Տիոնը: Հանդիսութեան ներկայ էին նաև Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու և միջազգային զարգացման յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Նոլթը, Գանատայի Ծերակոյտի նախկին նախագահ, ծերակուտական Լէօ Հուսաքոսը, գանատացի քաղաքական պաշտօնատարներ եւ դեսպաններ։ Ներկայ էին նաեւ գանատահայ քաղաքական կուսակցութիւններու առաջնորդներ, որոնց շարքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Րաֆֆի Տօնապետեան։

ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեանի պաշտօնական ուղերձէն ետք շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ նախարար Ստեֆան Տիոնը կարեւորելով հայ-գանատական յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացումը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.