Հարցազրոյց պոլսահայ երգահան Մաժակ Թօշիկեանի հետ
Կոչ կ’ուղղեմ Մոնթրէալի բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն եւ երգիչներուն, որ միանան մեզի յանուն Հրանդ Տինքի արդար դատին
Սեպտեմբեր 28-ին «Հորիզոն»ի խմբագրատուն այցելեց պոլսահայ երգահան Մաժակ Թօշիկեան, որուն հետ ունեցանք շահեկան զրոյց մը։ Ստորեւ հարցազրոյցը։
Հ.- Խնդրեմ նախ ներկայացուցէք դուք ձեզ:
Մ.Թ.- Մաժակ Թօշիկեան, պոլսեցի երգահան եմ: Կը զբաղիմ երգերու երաժշտութեանց յօրինմամբ եւ համակարգումով: Պոլսոյ մէջ թուրք երգիչներու համար մօտաւորապէս 350-400 գործ յօրինած եմ: 1981-ին հաստատուեցայ Գանատա, հոս աւելի ազատ մթնոլորտի մէջ կրցայ գործել որպէս հայ եւ սկսայ հայերէն երգերով զբաղիլ: Մօտաւորապէս 30 հայերէն երգ ունիմ երգչախումբերու, երգիչ-երգչուհիներու համար պատրաստուած, որոնցմէ ամենէն նշանաւորներն են «Տեսնեմ Անին ու մեռնեմ» եւ «Քո հայրենիք» երգերը: Զանազան պարգեւատրումներու արժանացած եմ, որոնցմէ ամենէն յատկաշնականն է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ տրուած «Կոմիտաս»ի շքաշնանը՝ հայ երգին եւ երաժշտութեան ասպարէզին մէջ իմ ունեցած ներդրումիս համար: Վերջին տարիներուն Օրաթորիոյի մը ստեղծման ծրագիրը յղացայ եւ առաջին գործս եղաւ «Դարէ դար Աղթամար» օրաթորիոն, որ Պոլսոյ «Մարմարա» լրագրականին 70-ամեակին ներկայացուեցաւ: Անկէ ետք, երբ սպաննուեցաւ Հրանդ Տինք, որ իմ մտերիմ բարեկամս էր, պարտք զգացի ձեւով մը ներկայացնել իր կեանքն ու ողբերգական մահը: Հետեւաբար յօրինեցի «Հրանդ Տինք» օրաթորիոն, որ շատ մեծ արձագանգ գտաւ:
Հ.- Ի՞նչ էr ձեր դրդապատճառն ու ներշնչման աղբիւրը այս օրաթորիոյի յօրինումին:
Մ.Թ.- Եթէ Հրանդը ճանչանայիք այս հարցումին պատասխանը ստացած կ’ըլլայիք: Հրանդը նախ բառին բուն իմաստով «Մարդ» էր: Հրաշալի անհատականութեան տէր, բարեսիրտ, եւ իսկական հայ: Իր սպանութենէն երկու շաբաթ առաջ հետն էի, «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ: Այսինքն Հրանդը ճանչցող իւրաքանչիւր հայ պարտք կը զգայ իր բաժինը բերելու յանուն Հրանդին: Եթէ լրագրող է՝ ապա իր մասին կը գրէ, եթէ մարզիկ է՝ իր տարած յաղթանակներէն մէկը Հրանդի նահատակութեան կը նուիրէ, եթէ արուեստագէտ է՝ զինք յաւերժացնող արուեստի գործ մը կը ստեղծագործէ եւ այլն: Իսկ ես, երաժիշտ ըլլալով իր յիշատակը անմահացնելու համար յօրինեցի այս աշխատութիւնը, որպէսզի գալիք սերունդները ձեւով մը յիշեն զինք: Ներշնչումս ուրեմն ինքը Հրանդ Տինքն էր: Բոլորս պարտական ենք Հրանդին ե՛ւ անհատապէս, ե՛ւ որպէս ազգ, իմ բաժին պարտքս ալ այս յօրինումը եղաւ:
Հ.- Ի՞նչ դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ ունէիք այս օրաթորիոյի ստեղծման ժամանակ:
Մ.Թ.- Առաջին դժուարութիւնը անշուշտ այն էր, որ մեր ապրած երկրին մէջ, այսինքն՝ Պոլսոյ մէջ, ի՞նչ ձեւով կրնայ ընկալուիլ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը, դրակա՞ն թէ ժխտական: Հրանդին հարցով շատ լաւատես էի, որովհետեւ ոչ մէկ քաղաքական գործիչ իր հասցէին ժխտական արտայայտութիւն չէ ունեցած Պոլսոյ մէջ: Բոլորս գիտենք, որ իր սպանութեան պատճառով արար աշխարհ ոտքի ելաւ, եւ Պոլսոյ մէջ 1500-2000 հոգի մասնակցեցաւ իր թաղման արարողութեան: Այս բոլորը ենթադրել կու տայ, որ վտանգ պէտք չէ սպառնար մեզի: Սակայն միշտ ալ առկայ է վտանգը Թուրքիոյ մէջ: Պոլսոյ ելոյթին չափազանց ջղային էի, ամէն վայրկեան անակնկալ ներխուժումի մը ենթադրութիւնը ունէինք: Բարեբախտաբար 1700 հանդիսատեսի ներկայութեամբ ելոյթը շատ յաջող ընթացաւ:
Հ.- Որքա՞ն տեւեց այս աշխատութեան պատրաստութիւնը եւ ինչպէ՞ս իրականացան ելոյթները:
Մ.Թ.- Մօտաւորապէս երկու տարի տեւեց: Նախ ես երաժշտութիւնները յօրինեցի, ապա նախակրթարանի իմ դասընկերուհիս եղած Պերճուհի Պէրպէրեանէն խնդրեցի, որ գրէ բառերը, որովհետեւ Պերճուհին արդէն «Ակօս» թերթի աշխատակից է, որպէս գրող: Երբ իրեն դիմեցի եւ բացատրեցի մտադրութիւնս, ան Հրանդը լաւ ճանչցող մը ըլլալով կրցաւ ճշգրիտ ձեւով զգացումներս դրսեւորել: Անկէ ետք երգչախումբին քառաձայն համակարգումը ըրի: Երգչախումբ ապահովելու հարցով դիմեցի իմ շատ սիրելի բարեկամներէս խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանին, ան սիրով ընդառաջեց առաջարկիս եւ իր «Լուսաւորիչ» երգչախումբը փորձերու սկսաւ մեծ խանդավառութեամբ: Երիտասարդները շատ սիրեցին այս օրաթորիօն, որովհետեւ ժամանակակից ձեւով մշակած եմ զայն:
Հակառակ Պոլսոյ մէջ փորձեր կայացնելու լուրջ դժուարութիւններուն, յաջողութեամբ կրցանք յաղթահարել այդ բոլորը: Նշեմ, որ այս աշխատութիւնը գրուեցաւ նախ թրքերէնով: Հաւանաբար այս մէկը ձեզի տարօրինակ թուի, բայց Հրանդին ո՛վ ըլլալը նախ թուրքերուն պէտք էր ներկայացնել: Դժբախտաբար չկրցանք ելոյթը իրականացնել Պոլսոյ մէջ, շատեր խանդավառուեցան եւ փափաքեցան որդեգրել զայն, սակայն որոշ հասկնալի վերապահութիւններու պատճառով չկրցան ընդառաջել այս նախաձեռնութեան, որուն համար իրաւունք ալ ունին: ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեան նամակով մը խնդրեց ինձմէ, որ իմ աշխատութիւններս ներկայացնող ելոյթ մը ունենամ Հայաստանի մէջ, միջոցին խնդրեց նաեւ «Հրանդ Տինք»ին օրաթորիոյին ալ անդրանիկ ելոյթը կայացնել Երեւանի մէջ: Անշուշտ շատ խանդավառուեցայ, սակայն այս պարագային լուրջ մտահոգութիւն մը ծագեցաւ. ամբողջ օրաթորիոն հայերէնով գրելու հարցը: Շուտով Պերճուհին ընդառաջեց եւ կրկին լուրջ եւ տքնաջան աշխատանքէ ետք իրագործեցինք: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ անդրանիկ ելոյթը «Արամ Խաչատուրեան» շքեղ սրահին մէջ: Ներկայացման առաջին բաժինով իմ յօրինած զանազան երգերս հնչեցին, որուն համար Պոլիսէն Սիպիլը, Պարթեւը եւ ուրիշ երգիչներ ալ եկած էին: Երկրորդ բաժինով ներկայացուեցաւ Հրանդ Տինքի օրաթորիոն, որուն աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կրկին պարգեւատրեց զիս ոսկեզօծ վահանակով մը: Անդրանիկ ելոյթին յաջորդեց Պոլսոյ Մխիթարեան Վարժարանէն շրջանաւարտ եղած խումբ մը երիտասարդներու կազմակերպութեամբ (Գիտէք երիտասարդները աւելի անվախ եւ տաքարիւն կ’ըլլան) Պոլսոյ ելոյթը: Նշեմ, որ երկու ելոյթներուն հովանաւորն էր պոլսահայ մեկենաս Տիգրան Կիւլմէզկիլ: Պոլսոյ ելոյթէն ամիս մը ետք Լոս Անճելըսի մէջ կրկնուեցաւ բաւական յաջող ելոյթը, աջակցութեամբ Յովնան Սրբազանին եւ Ստեփան Կէօզիւմեանին: Նիւ Եորքի մէջ պիտի ունեանք մեր յաջորդ ելոյթը: Ապա շնորհիւ Ոսկան Հազարապետեանին եւ Պոլսահայ միութեան, որոնց չափազանց շնորհակալ եմ, ծրագրած ենք Մոնթրէալի մէջ եւս իրականացնել սոյն ելոյթը: Աշխատութիւնը բաւական մեծ է եւ կարիքը ունինք մեծ աշխատակազմի, հետեւաբար անմիջապէս դիմեցի Համազգայինին, որոնք սիրով ընդառաջեցին, եւ տրամադրութեանս տակ դրուեցաւ Համազգայինի «Գնար» երգչախումբը իր խմբավար Լոռի Անթունեանի ղեկավարութեամբ: Լոռիին եւ Ռիթա Շամլեանին հետ կ’աշխատակցիմ ներկայիս եւ փորձերը ընթացքի մէջ են, միեւնոյն ժամանակ Նիւ Եորքի մէջ տեղի կ’ունենան այնտեղի ելոյթին փորձերը: Յուսամ մոնթրէալահայութիւնը կ’ընդառաջէ եւ կ’աջակցի այս օրաթորիոյի ելոյթի յաջողութեան, որովհետեւ պէտք է գիտակցինք, որ բոլորս կ’աշխատինք Հրանդ Տինքի համար, ան սպաննուեցաւ պարզապէս հայ ըլլալուն համար եւ որուն արդարահատուցման գործընթացին մէջ ոչ մէկ առաջխաղացում կայ Թուրքիոյ մէջ 10 տարիէ ի վեր: Մոնթրէալի ելոյթը տեղի պիտի ունենայ 18-19 Մարտ 2017-ին, որմէ մէկ շաբաթ ետք՝ 26 Մարտին տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի ելոյթը: Այս ելոյթներուն համար խնդրեցի, որ զանազան տարիքի մասնակցողներ ըլլան, «Գնար» երգչախումբի երիտասարդ երգողներուն ետին պիտի մասնակցին այլ զանազան տարիքի երգողներ՝ Հրանդին ընկերները անուան տակ, եւ որովհետեւ Հրանդը որբ էր եւ որբանոց մեծցած էր, իր ետին պէտք է կանգնի մեր ժողովուրդը, ահա այս պատկերն է, որ պիտի ներկայացնէ երգչախումբն ու Հրանդին ընկերները:
Հ.- Ի՞նչ են ձեր յառաջիկայ ծրագիրները:
Մ.Թ.- Յառաջիկայ ծրագիրս Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը» թատերական եւ պարային երաժշտական ելոյթի մը իրագործումը պիտի ըլլայ: Հսկայական աշխատանք է, գիտէք, սակայն մտադիր եմ ասնպայման յօրինել եւ իրագործել զայն: Եւ ինչո՞ւ չէ Մոնթրէալի մէջ ալ իրագործել անոր ելոյթը, որովհետեւ Մոնթրէալը իմ երկրորդ քաղաքս է:
Հ.- Ի՞նչ ըսելիք ունիք մոնթրէալահայութեան այս առթիւ:
Մ.Թ.- Նախ կ’ուզեմ յայտնել իմ խորին շնորհակալութիւնս բոլոր այն միութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք կ’աջակցին եւ պիտի աջակցին ինծի այս ելոյթի իրագործման աշխատանքներուն գծով: Կոչ կ’ուղղեմ Մոնթրէալի բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն եւ երգիչներուն, որ միանան մեզի յանուն Հրանդ Տինքի արդար դատին, ո՛չ թէ յատուկ կազմակերպութեան մը համար, ո՛չ ալ Մաժակ Թօշիկեանի համար, այլ Հրանդ Տինքի արեան արդար հատուցման եւ իր դատին արար աշխարհին ներկայացման ի խնդիր:
Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեան