Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսէ Անթիլիաս Փոխադրութիւնը

 

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գոյունեան

ԱՆՈՒՆ

Ուսումնասիրութեանս տիտղոսը քաղած եմ Թորգոմ պտր. Գուշակեանի մէկ ճառէն, ուր ըսուած է. «(Կիլիկիոյ ժողովուրդը) քաղաքական փոթորիկներէ հողմակոծուած, տառապանքէ տառապանք իր խելակորոյս վազքին մէջ` չմոռցաւ իրեն հետ տանելու Ուխտին Տապանակը, իր Հայրապետութիւնը, իր ազգային եւ հոգեւոր կեանքին կեդրոնաձիգ ոյժը, անոր շուրջը խմբելու եւ կենսաւորելու համար միշտ` ջախջախուած գոյութեան մը բեկորները»1:

ՆԱԽԱՍԵՄ

1.- Յակոբ Օշական իր «Համապատկեր»ներու առաջին հատորին մէջ գրած է. «Մի՛ մոռնաք թուրքը, այսինքն մեր գերութիւնը: Մի մոռնաք հայը, այսինքն այդ թուրքին յօրինումը եղող հոգեկան որոշ բաժին մը, որ կը բացատրէ մեր անհուն, ահաւոր հակասութիւնները, անկումները: Բայց մի՛ մոռնաք մանաւանդ հայը որ վեր է թուրքէն, ինչպէս թուրքէն յօրինուած հայէն, ու աւելի»2: ւ անդին. «19-րդ դարու մուտքին, ամենախիստ միջնադարը խորհրդանշող այդ կայսրութեան (Օսմանեան – ԳՔ) վարչական մեքենան եթէ ոչ հոգին գէթ թուղթի վրայ կ՚արդիանար (…): (Մեր միտքը – ԳՔ) կը թուի մոռցած ըլլալ միակտուր գերութիւնը որ մեր ժողովուրդինն էր Թանզիմաթէն առաջ»3:

2.- Մեր գերութիւնը, անկասկած, ո՛չ միայն օսմանցի թուրքին, այլեւ թուրանական իրերայաջորդ բոլոր բարբարոսութիւններուն, անոնց կայսրութիւններուն եւ տեղական իշխանութիւններուն  ահաւոր ենթարկումը եղաւ: Միջանկեալ՝ նաեւ Եգիպտոսի մեմլուքներուն: Այն ենթարկումը սկսաւ սելճուքեան արշաւանքներով, որոնք 1064-ին Հայաստան արշաւեցին եւ Անի քաղաքը գրաւեցին: Իսկ 1071-ին, Մանազկերտի մէջ բիւզանդական զօրքերը խորտակելով, տարածուեցան Հայաստանէն անդին: Հրանդ Փաստրմաճեանի բացատրութեամբ՝ «այս ճակատամարտը պատմութեան կարեւորագոյններէն մէկն է: Արդարեւ, իր հետեւանքներով ան աւելի ծանրակշիռ է քան չորս դար ետք Պոլսոյ առումը օսմանեան թուրքերու կողմէ»4: Ապա պիտի արշաւէին մոնկոլ-թաթարները եւ թիւրքմէնները: Կիլիկիոյ կողմերը՝ նաեւ մեմլուքները:

3.- 13-րդ դարուն, Անտալիոյ հիւսիս-արեւմտեան կողմը հիմնուեցաւ էմիրութիւն մը, որուն գլուխն էր Օսման։ Անոր անունով պիտի կոչուէին թէ՛ ցեղակիցները եւ թէ՝ հսկայ կայսրութիւնը որ պիտի ստեղծուէր անոր ժառանգորդներուն կողմէ։ Օսմանի էմիրութիւնը Իկոնիոյ սուլթանութեան ճորտ էր։ 14-րդ դարուն, սուլթանութեան քայքայումը իրարու հակամարտ պէյութիւններ պիտի ձգէր իր ետին,  եւ «վերջին ծայր» պիտի դիւրանար օսմանականներուն գործը5։

1453-ին, Օսմանի ժառանգորդ «Ֆաթիհ» յորջորջուած Մուհամմէտ Բ. կը գրաւէ Կ. Պոլիսը, որ համաշխարհային պատմութեան  ամենասասանարար դէպքերէն մէկն։ Այնքան մեծ դէպք մըն է այն գրաւումը՝ որ ոմանք միջնադարուն վախճանը անոր կը կապեն։ Մեզի համար այդ դէպքը այլ կարեւորութիւն մըն ալ ունի։ Այն օրէն Կ. Պոլսոյ մէջ կը հաստատուի Հայոց Պատրիարքութիւնը։

Օսմանցիները հայութեան մօտ համակրանք պիտի շահէին, եւ երբ Կիլիկիան ալ պիտի գրաւէին «ի միոյ բնէ» ցեղերու ժանիքներէն, «հայերը եւս քան զեւս կը կապուէին Օսմանեան շահերու հետ, քանի որ սուլթաններն ալ իբրեւ իրենց օգտակար եւ հաւատարիմ տարր մը կը նկատէին հայերը…հայերը շատ հաճելի կը տեսնէին Օսմանեան կայսրութեան ներքեւ քրիստոնէից համար կազմուած դիրքը, եւ հայերուն ցուցուած յատուկ մտադրութիւնը, եւ այս պատճառով արեւելեան գաւառներէն շարունակեալ գաղթականութիւն մը կը յորդէր արեւմտեան գաւառները, եւ հետզհետէ կը բազմանար Օսմանեան հայաբնակութիւնը, եւ կը զօրանար Կոստանդնուպոլսոյ հայ պատրիարքութեան դիրքը», գրած է Օրմանեան Արքեպիսկոպոս6։ Բաբգէն Կաթողիկոս այս մէջբերումը կատարելէ անմիջապէս յետոյ նշած է. «Պէտք էր եւ աւելցնել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիրքը, քանի որ Կաթողիկոսութեան իրաւասութիւնը կը վերահաստատուէր (Միջին – ԳՔ) Ասիոյ մէջ Օսմանցիներէ նուաճեալ երկիրներու հայոց վրայ»7։

16-րդ դարուն սկիզբն է, որ Օսմանցիները պարսիկներէն պիտի գրաւէին Հայաստանի մեծագոյն մասը։ Երկու կայսրութիւններուն միջեւ պատերազմները պիտի շարունակուէին դար մը, մինչեւ որ Հայաստանի տարածքէն պարսիկներուն ձգուէին Երեւանը, Նախիջեւանը եւ Ղարաբաղեան շրջաններ։

«Անառարկելի է, որ օսմանցի թուրքերու լուծին տակ Հայաստանի ստացած իրաւակարգը զգալի յառաջդիմութիւն մը կը ներկայացնէր բաղդատած այն կացութեան, որուն ենթակայ էր Հայաստան՝ թուրանական միւս ժողովուրդներու՝ սելճուքներու, թիւրքմէններու եւ մոնկոլներու տիրապետութեան ժամանակ», գրած է Փաստրմաճեան8։ Սակայն նաեւ արդարօրէն փութացած է յիշելու, թէ այն իրաւակարգը այնքան ալ հանդուրժելի չէր, մանաւանդ երբ ենթարկուած ժողովուրդը «իրական մեծութիւն եւ քաղաքակրթական արժէքներ» ճանչցած էր9։ Եւ դեռ, հզօր սուլթաններու ժամանակաշրջանին աւարտով, երբ 17-րդ դարէն սկսեալ կայսրութեան գահը կը բարձրանան «տժգոյն դեր»ով սուլթաններ՝ անիշխանութիւն ամենուրեք կը տարածուի, եւ տեղական մեծ ու փոքր բռնատէրեր անապրելի կը դարձնեն կեանքը։

18-րդ դարու վերջաւորութեան, բարենորոգչական շարժում մը սկսաւ, որ սակայն իր նպատակին չհասաւ, եւ «աւելի վնասակար եղաւ քան օգտակար», քանի որ «յանուն բարեկարգութեան, իշխանութիւնը կեդրոնացաւ եւ զօրացուեցաւ, խորտակելով տեղական ինքնավարութիւնները…Ամբողջ կայսրութեան մէջէն անցաւ կեղեքիչ եւ բռնակալ վարչութեան մը հարթիչ գլանը, այնպէս որ ժողովուրդներու վիճակը աւելի վատթարացաւ»10։

Բարենորոգչական «զաւեշտ»ին գագաթումը տեղի պիտի ունենար 1876-ին, երբ «ազատական սահմանադրութիւն» մը պիտի հրատարակուէր, ու բոլոր նախորդ ձեռնարկներուն պէս մեռեալ տառ պիտի մնար11։

Յակոբ Ճ. Սիրունի՝ սերնդակիցը Յակոբ Օշականի՝ իր «Թանզիմաթ եւ Հայեր» յօդուածին մէջ գրած է. «Թանզիմաթը ուղղակի շփոթեցուց Պոլսոյ հայ ղեկավարները: Անոնք բացառիկ յոյսեր դրին առաջին իսկ պահուն Գիւլհանէի մէջ կարդացուած հրովարտակին վրայ12, հիմնական բարւոքում ակնկալելով անկէ հայ ժողովուրդին համար եւ զայն հռչակելով թուական մը, ուրկէ կոչուած պիտի ըլլար սկսիլ զարթօնքի շրջանը մեր ժողովուրդին:

…Երկրի մը մէջ, ուր ամբողջ հինգ դար տէրեր եւ ռայաներ միայն եղեր էին, աւելի քան երբեք ցնորք մըն էր հաւատալ, թէ օրէնքին առջեւ հաւասար կրնար դառնալ ամէն մարդ: Եթէ աշխարհը խաբելու համար յօրինուած կեղծիք մը չէր, գոնէ ծիծաղելի միամտութիւն մըն էր Թանզիմաթի հեղինակներուն կողմէ կարծել, թէ սուլթանին թուղրան13 զետեղելով հրամանի մը ճակատը՝ կիրարկութեան կրնար դրուիլ ան:

Պատրանք էին հայուն երազները՝ իր վերելքը ապահովելու օսմանցիի պատմուճան հագած: Այդ պատմուճանը պիտի չշնորհուէր երբեք իրեն՝ ինչ քրտինք ալ թափեր այս երկրին համար, հաւատարմութեան ինչ հաւաստիք ալ տար»14:

 ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ եւ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1.- Բաբգէն կթղ. Կիւլէսէրեան, Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ, 2-րդ հրտ, Անթիլիաս, 1990, սս 1097, 1098: Յետ այսու՝ ԿՊԿ:

2.- Յակոբ Օշական, Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան, Հտ Բ, Զարթօնքի Սերունդ, Երուսաղէմ, 1945, էջ 12:

3.-  Ն, էէ 60, 61:

4.- Հրանդ Փաստրմաճեան, Հայոց Պատմութիւն/Սկիզբէն մինչեւ Լօզանի Դաշնագիրը, թարգմ. Մ. Իշխան, 3-րդ հրտ, Պէյրութ, 1992. էջ 312: Յետ այսու՝ ՓՀՊ:

5.- Ն, էջ 317:

6.- Մաղաքիա արք. Օրմանեան, Ազգապատում, Մասն Բ, Կ. Պոլիս, 1914, յօդ. 1524, սս 2209-2210: Յետ այսու՝ ՕԱԲ:

7.- ԿՊԿ, ս 67։

8.- ՓՀՊ, էջ 324:

9.- Անդ։

10.- Ն, էջ 387:

11.- Ն, էէ 388, 389։

12.- Բ. Դրան կամ Թօփ-Քափուի պալատին պարտէզները «Գիւլհանէ» կը կոչուէին: Թանզիմաթի ֆէրմանը (հրովարտակ): 1839-ին սուլթանական ֆէրմանը  կարդացուած է այնտեղ: Յակոբ Ճ. Սիրունի «Պոլիս Եւ Իր Դերը» գիրքի (Պէյրութ, 1969) երկրորդ հատորին մէջ (էէ 190-192) տուած է Թանզիմաթի կարեւոր բաժնին թարգմանութիւնը: Ալլահին օգնութեան եւ մարգարէին բարեխօսութեան ապաւինած այս ֆէրմանին նպատակները (ա.- Երաշխաւորութիւններ որոնք կատարելապէս ապահովէին մեր հպատակներուն կեանքը, պատիւն ու ինչքը. բ.- Կանոնաւոր եղանակ մը տուրքերու բաշխման եւ գանձման. գ.- Կանոնաւոր եղանակ մը նոյնպէս զօրակոչի եւ զինուորական ծառայութեան տեւողութեան համար, անդ) աւազի վրայ հիմնուած էին, ինչպէս բացատրած էր Սիրունի եւ շարունակած՝ «եւ ինչ որ մարդիկ կը հիմնեն աւազի վրայ՝ չի կրնար յաւիտեան տեւել» (է 192):

13.- «Թուղրա»՝ կնիք:

14.- Յակոբ Ճ. Սիրունի, «Թանզիմաթ եւ Հայեր», Պատմաբանասիրական Հանդէս, Երեւան, 1966, թիւ 4, էէ 58, 65:

(Շարունակելի 1)

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.