Սփիւռքի ակունքներէն՝ ինքնութեան ճգնաժամը
…– Ինչու՞ դուն քեզ կ՚անարգես, Արսէ՛ն, տղաս։ Ինչու՞
— Ինչուն չկայ։ Մեր նախնիքը, մեր նախնիքը օրինակ կը բերես։ Մեր նախնիքը սարսափով կերեր, սարսափով խմեր, սարսափով զուգուեր, սարսափով տղայ բերեր, — չբերէր բարով – սարսափով աշխատեր։ Իրենց համար եղեր է՝ ապրիլը գողնալ։ Ես որ հիմա կ՚ապրիմ՝ կը կարծեմ որ կը գողնամ։ Կը կարծեմ որ ես մարդ չեմ։ Կը զարմանամ որ սա կառսոնը կը ծառայէ ինծի։ Կը կարծեմ որ խնդիրը մէջտեղ պիտի ելլայ ու խայտառակուիմ։ Ի՞նչ խնդիր…Տուվա ըրէք, տուվա՛ որ ողջ ենք. մարդու կերպարանք ունինք…Հրաշք է որ այս րոպէիս, հոս նստած դեռ կրնամ խօսիլ ու տրամաբանել…
— Կը բաւէ, Արսէ՛ն, զաւակս, կը բաւէ՛։ Ինչու՞ ատպէս կ՚ըսես։
— Ինչու՛ ատպէս կ՚ըսես, ինչու ատպէս կ՚ըսես…Ճիշտ չէ՞։ Այդպէս չէ՞…Ի՞նչ է իմ վիճակս, ի՞նչ է Տրդատինը, ի՞նչ է Արշակինը, ի՞նչ է Վաղինակինը…Շարե՞մ դեռ։ Ընե՞մ անոնց պատմութիւնն ալ…
Մէկուն թոքերը, միւսին սիրտը, միւսին արգանդը, միւսին երիկամունքը ու բոլորին, բոլորին ջիղերը։ Առանց բացառութեան թող հայերը քննութենէ անցնին. բժիշկը բոլորն ալ դարմանատուն պիտի քշէ, ոմանք ժամանակի մը համար, ուրիշներ անորոշ ժամանակով…
Վարակուած բոլոր ախտերով՝ կանխահաս ծերութիւնը եկեր, քսանէն երեսուն տարեկաններուն՝ վաթսուն տարեկանի մաշուած գործարաններ տուեր…Երիտասարդ-երիտասարդ՝ մազերնին թափած, ակռանին փտած, աչքերնին մարած, երեսնին փոսը ինկած…
Կամքի զսպանակնիս կոտրեր էք. եղած չեղած փափաք ու ձգտում պղծեր էք. մէջերնիս բոլոր հպարտութիւնները մեռցուցեր էք։ Ուր որ դարձնես դէմքդ՝ նեխա՜ծ, նեխա՜ծ, հասարակական գործ, կուսակցական գործ, գրագէ՛տ, բանաստե՛ղծ, ապականա՜ծ, ապականա՜ծ…Ի՞նչ եղաւ իմ հիանալու, յարգելու, պաշտելու խոյանքս, ի՞նչ եղաւ…Ու՞ր ուղղէինք, ու՞ր կեդրոնացնէինք։Շլացումի ծարաւի մեր ակնարկները որու՞ վրայ ձգէինք…Նեխութիւ՜ն, նեխութիւ՜ն…Աս բոլորը պարապը կ՚անցնի, հը՜…
— Արսէն, զաւա՛կս, տուն երթանք-չերթանք ես վար կ՚առնեմ ատ պատկերները։ Անգամ մըն ալ ատոնց խօսքը չըլլար։ Հանդարտի՛ր, եաւրուս…անգամ մըն ալ ատոնց անունը բերանս չեմ առներ…
— Դարձուցեր էք ծո՛յլ, մոլի՛, խոզ՝ ու նախնիքս թուրքերէն ու հայերէն երգեր կը շինէ եղեր։ Հռոմի արքունական բժիշկը հայ է եղեր…Եւ յետոյ ՝ Ճէննեմը՛ աս բոլորը։ Ո՛չ թագաւորին բժիշկը ըլլալ կ՚ուզեմ, ոչ ա՛լ մեր նախնիքը…Վերջացաւ գնաց։
Բայց մայրս կու լար։ Կու լար տանջուելով։ Այդ դէմքը ինծի կը յիշեցնէր մեր տան դժխեմ տեսարանները։ «Ղուրպան Աստուա՜ծ, ո՞ր մեղքիս համար…»։ Իսկ հիմա, իր թրջուած ձայնովը որուն ետև վերջին ուժերը կ՚երերային.
— …Անանկ ծանր են՝ անանկ ծանր՝ խօսքերդ, Արսէ՛ն…ըսած ամէն մէկ բառդ կապարի պէս սատեղս կը մնայ ու ալ վար չիջնար։ Ամբողջ, բաց ձեռքովը, շնորհալիութենէ զուրկ շարժումով, սիրտը ցոյց տուաւ։
ՀՐԱՉ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ
«Մեր Կեանքը», Փարիզ, 1934
Հրաչ Զարդարեանի այս յատկանշական էջը հատուած մըն է «Մեր Կեանքը» խորագիրը կրող իր առաջին վէպէն, որ լոյս տեսաւ Փարիզի մէջ, 1934-ին։ Հրաչ Զարդարեան անդրանիկ որդին է յայտնի արձակագիր, յեղափոխական գործիչ, ՀՅԴ Պոլսոյ պաշտօնաթերթ՝ «Ազատամարտ»ի խմբագրապետ և Մեծ Եղեռնի առաջին նահատակներէն՝ Ռուբէն Զարդարեանի։ Ծնած է Խարբերդ, 1892-ին, և շատ փոքր տարիքէն՝ ան ապրած է հօր աստանդական կեանքի բոլոր վերիվայրումները։ Իր ուսումնական կենսագրութիւնն իսկ կը վկայէ, թէ որքան անկայուն եղած է կեանքը Զարդարեան ընտանիքին։ Ան եղած է աշակերտ Սանասարեան Վարժարանի՝ նախ Կարնոյ և ապա Սեբաստիոյ մէջ. յետագային՝ Պոլսոյ Կեդրոնականի սաներէն՝ աշակերտելով Դուրեան Սրբազանի, Հրանդ Ասատուրի, Մելքոն Կիւրճեանի և Լևոն Շանթի։ Այնուհետև՝ Կովկաս՝ Թիֆլիսի Ներսիսեան Ճեմարան, Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարան, Երևանի Թեմական Վարժարան։ Ի վերջոյ Փարիզ՝ ուր կը հետևի Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն, որմէ ետք նաև կը վկայուի որպէս բժիշկ։
«Մեր Կեանքը» (որ ձօնուած է Ռուբէն Զարդարեանին) մաս կը կազմէ Սփիւռքի առաջին շրջանի վիպագրութեան և կը ցոլացնէ նոր կազմուող փարիզեան մեղուաբոյնի ներքին կենսոլորտը։ Հայոց Փարիզը կ՚ապրի մեծ հակասութիւններով, հակամարտութիւններով, վէրքերով։ Հոն են Ցեղասպանութեան դաշտերէն վերապրած և արդէն չափահաս՝ որբերը։ Հոն է Քեմալական իշխանութեան սարսափներէն փախուստ տուած երբեմնի պոլսահայութեան զանգուածը։ Զարդարեան իրապաշտ գոյներով կը վերարտադրէ հայ մարդոց քաոսային ճիգը վերստին խարսխուելու և յետ-պատերազմեան Փարիզի կնճիռներուն մէջ արժանավայելչութեան կռուաններ նուաճելու։
Շահան Շահնուր, Վազգէն Շուշանեան, Փայլակ Միքայէլեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Զարեհ Որբունի և ուրիշներ այդ արձակին վարպետներն են։ Սփիւռքի առաջին օրերը վիպողները, բիւրեղացնողները, անոր ներքին վէճը վկայագրողները։Սփիւռքի առաջին շրջանի գրականութեան մէջ արծարծուած կարևոր խնդիրներէն մէկը հայ մարդուն ինքնավստահութեան որոնումն է, որ այլ բան չէ եթէ ոչ՝ մեր ինքնութեա՛ն որոնումը։ Հրաչ Զարդարեան այդ մէկը կ՚ընէ մեծ անկեղծութեամբ և մեծ կիրքով։ Յարգա՜նք իր յիշատակին։
Կարօ Արմենեան