Արմին Վեկնէրի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը պիտի ցուցադրուի Թորոնթոյի մէջ

 

Հոկտեմբեր 23-ին, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական համալիրի «Համազգային» սրահին մէջ պիտի ցուցադրուի գերմանացի բանաստեղծ, լրագրող, իրաւագէտ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես գերմանացի Արմին Վեկնէրի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը։ Միջոցառումը կազմակերպուած Է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։

«Խղճմտանքի արարումներ. Արմին Վեկնէր եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» խորագիրը կրող վաւերագրականը պատրաստուած է Գանատայի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանին կողմէ, իսկ ֆիլմի պատմասանն է գանատահայ բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեան։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.