Որպէսզի ըլլանք հզօր, պէտք է հզօրացնենք Հայաստանը
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, արտասանուած Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առթիւ կատարուած Հանրապետական Մաղթանքի ընթացքին, 20 Սեպտեմբեր 2016: |
Այս սրբազան խորանէն քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունեմ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը։ Կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահը։ Եղբայրական սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի։
Մեր ժամանակակից պատմութիւնը լեցուն է մութ ու լոյս էջերով։ Պէտք չէ մոռնանք մեր անցեալը։ Ապագան կերտելու համար պէտք է նայիլ անցեալին։
100 տարիներ առաջ ցեղասպանը փորձեց բնաջնջել հայ ժողովուրդը. այսօր հայ ժողովուրդը Հայաստանի, Ղարաբաղի ու Սփիւռքի մէջ ապրող ու գործող, ստեղծագործող ու յանուն իր բռնաբարուած իրաւունքներուն պայքարող պահանջատէր ներկայութիւն է։
100 Տարիներ առաջ ցեղասպանը փորձեց աշխարհի քարտէսէն ջնջել Հայաստանը. մեր ժողովուրդը իր քաջ զաւակներու արիւնով ու Սարտարապատի յաղթանակով պաշտպանեց իր հայրենիքը։ Այսօր Հայաստանը ազգերու ընտանիքին մէջ ներկայութիւն է, իր իւրայատուկ տեղը ու դերը ունի։
Հետեւաբար, այսօր աշխարհի դիմաց կանգնած հայ ժողովուրդը վերանորոգ հաւատքով ու առաւել վճռակամութեամբ անմահանուն բանաստեղծին բառերով կ’ըսէ.-«Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք։
Որպէսզի ըլլանք հզօր, պէտք է հզօրացնենք Հայաստանը։
Սաղմոսերգուն Աստուծոյ ուղղելով իր խօսքը, կ’ըսէ՝ Տէր ցոյց տուր ինծի այն ճամբան ուրկէ պէտք է քալեմ։ Այսօր, սաղմոսերգուին բառերով կը խնդրենք Աստուծմէ, որ ցոյց տայ այն ճամբան որ, մեզ կ’առաջնորդէ դէպի մեր հայրենիքին, Ղարաբաղին ու ազգին առաւել ծաղկման եւ բարգաւաճման։
Հայաստանը իւրաքանչիւր հայուն ու ամբողջ հայութեան տունն է։ Պատմութեան ընթացքին բազմիցս գերուած ու աւերուած այս սրբազան տունը դարձեալ մերն է, ազատ է ու անկախ։ Մենք ենք սեփականատէրը դարաւոր այս տան ու մեր նուիրական ու առաջնահերթ պարտականութիւնը այս տունը ամուր ու առողջ պահելն է։ Այսօր եւս, մեր տան շուրջ զօրեղ քամիներ կը փչեն, յաճախ փոթորկալից ալիքներ կը մօտենան։ Վա՜յ մեզի, եթէ անտարբեր գտնուինք մեր հաւաքական տան նկատմամբ։ Վա՜յ մեզի, եթէ մեր պապերուն կողմէ որպէս նուիրական ժառանգ մեզի փոխանցուած այս տունը լքենք եւ հեռանանք…։
Մենք կոչուած ենք այս սրբազան տունը ամուր ժայռի վրայ վերաշինելու, որպէսզի, ինչպէս Աւետարանը կ’ըսէ՝ երբ հեղեղներն ու փոթորիկները զարնուին այս տան, չկարենան զայն խորտակել։
Մեր սրբազան պապերուն աղօթքով ու արիւնով թրծուած այս տունը ամուր կրնանք պահել՝ երբ համախմբուինք անոր շուրջ, սիրենք զայն նո՛յնիսկ իր թերութիւններով ու մեր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնենք անոր առաւել հզօրացման։
Տարիներու փոթորիկներուն դիմաց կանգուն մնացած այս տունը, մեր տունը, կրնանք աւելի հզօրացնել ու ծաղկեցնել երբ՝ ականջալուր կ’ըլլանք հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի ցաւերուն ու կարիքներուն, ինչպէս նաեւ գործնապէս մասնակից կը դարձնենք Սփիւռքի հայութիւնը Հայաստանի անկախութեան ամրապնդման ու պետական կառոյցներու ամրացման աշխատանքներուն։
Մեր հերոսներու «իմացեալ մահով» պաշտպանուած այս նուիրական տունը կրնանք նոր օրերու տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիներուն ու չարիքներուն դէմ պաշտպանել երբ՝ բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքները, մեր ընդհանրական եւ գերագոյն շահերը ժամանակաւոր շահերէն ու անհատական հաշիւներէն գերիվեր դասենք. երբ Հայաստան, Ղարաբաղ եւ Սփիւռք գործեն միասնաբար ու ներդաշնակօրէն, որպէս մէկ, անբաժան ու անբաժանելի ամբողջութիւն։
Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը առիթ է խոր ցնծութեան ու արդար հպարտութեան։ Ան նաեւ ու մա՛նաւանդ հրաւէր է ինքնաքննութեան ու ինքնասրբագրումի՝ իրապաշտ ոգիով, ապագայատեսիլ հայեացքով ու նպատակասլաց յանձնառութեամբ։
Դէպի Հայաստանի առաւ՛ել հզօրացում։
Ահա պատգամը 25-ամեակին։ 25-ամեակը ճշմարտօրէն արժեւորած կ’ըլլանք երբ անոր պատգամը կեանքի ու գործի վերածենք։
Տէ՜ր, կեցո՛ դու զհայս.
Տէր, կեցո՛ զհայրենիքն մեր։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ