ՀՄԸՄ ԿԱՄՔ-ի ոտնագնդակի խումբերը ախոյեան
Մոնթրէալի ՀՄԸՄ ԿԱՄՔ-ի ոտնագնդակի խումբերը ամառնային եղանակի Քեպէգի մրցաշարքերուն արձանագրեցին գնահատելի արդիւնքներ՝ հետեւեալ պատկերով.
– 18 տարեկան դասակարգի տղոց խումբը Concordia League-ի ախոյեանութիւնը նուաճեց ստանալով Coup de president-ի բաժակը:
– 14 տարեկան դասակարգի աղջկանց խումբը նոյնպէս դարձաւ Concordia League-ի ախոյեան՝ ստանալով նոյնպէս Coup de president-ի բաժակը:
– Երէց աղջիկներու խումբը Լաւալի Total Campo-ի աւարտականին յաղթանակ արձանագրելով նոյնպէս ախոյեանութիւնը նուաճեց:
– Իսկ 12 տարեկան դասակարգի աղջկանց խումբը ամառնային եղանակի մրցաշարքերուն առաջնութիւնը շահելով մասնակցութիւն բերաւ Concordia League-ի աւարտականին:
Նշենք, որ տղոց խումբին աւարտական խաղէն մէկ շաբաթ առաջ տեղի ունեցած էր աւարտական խաղը, եւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ձեռք բերած էին յաղթանակը՝ 1-0 արդիւնքով, սակայն իրաւարարին մէկ սխալ որոշումին պատճառաւ պահանջուած էր կրկնել խաղը: Հետեւաբար յաջորդ Շաբաթ կրկնուեցաւ խաղը, եւ մեր մարզիկները կրցան կրկին յաղթել, այս անգամ՝ 3-1 արդիւնքով: Աւարտականի բոլոր խաղերուն մարզիկները քաջալերելու համար ներկայ էին հոծ բազմութեամբ մարզասէրներ, մարզիկներու ծնողներ եւ օտար թէ հայ համակիրներ: