Թուրքիոյ նախագահ էրտողան վերստին կը սպառնայ Արցախին
Թուրքիոյ նախագահ Ռ. էրտողանը երկար-բարակ ելոյթ ունենալով Նիւ Եորքի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի Գերագոյն Խորհուրդի 71-րդ նստաշրջանին անդրադարձեր է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններուն… «Կրկին առկայ է այն վտանգը, որ Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւնները թեւակոխեն տաք փուլ», Էրտողանի խօսքերը կը մէջբերեն թրքական ԶԼՄ-ները… Այսինքն, Թուրքիոյ ֆաշիստ առաջնորդը կը սպառնայ միջազգային կազմակերպութիւններուն, եւ յատկապէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն, որ կրկին կարելի է սրել իրավիճակը Արցախեան հակամարտութեան գօտիին, ինչպէս եղաւ այս տարուան Ապրիլի սկիզբը… Քանի որ Թուրքիան բաւական զուսպ է աբխազական և հարաւ օսեթական հակամարտութիւններու հարցով՝ փորձելով չզայրացնել Ռուսաստանին, ապա Էրտողանի այս սպառնալիքը ուղղուած է Հայաստանին եւ Արցախին… Բացայայտուած փաստ է, որ այս տարուան Ապրիլի սկիզբը Իլհամ Ալիեւի ակրեսիան Արցախի նկատմամբ իրականացած էր Անգարայի գիտութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, որ արտայայտուեցաւ ե՛ւ դիւանագիտականօրէն, ե՛ւ ահաբեկիչներու մատակարարումով… Արցախի դէմ յարձակումը սանձազերծելու ընթացքին ազերիներու առաջնորդը կը գտնուէր ոչ թէ հարազատ մայրաքաղաքին մէջ, այլ Անգարա… Իսկ մինչ Արցախի վրայ յարձակիլը՝ բազմաթիւ ազերի եւ թուրք պաշտօնեաներ եւ զինուորականներ փոխադարձ այցեր կը կատարէին համապատասխանաբար Անգարա եւ Պաքու…
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբերի սկիզբը Չինաստանի մէջ կայացած G20-ի վեհաժողովի շրջանակներուն Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու հանդիպման ժամանակ նախագահ Փութինը բացէ ի բաց մեղադրեր էր իր թուրք գործընկերը Արցախի հակամարտութեան գօտիի իրավիճակի սրման համար՝ ապակառուցողական եւ վտանգաւոր բնութագրելով Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը ԼՂ-ի հարցին վերաբերեալ… Երկու շաբաթ անց Թուրքիոյ նախագահը «թագաւորացուց» Փութինի խօսքերը եւ այս անգամ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն սպառնաց Արցախին, որ անհրաժեշտութեան պարագային «սառեցուած» հակամարտութիւնը կը վերածէ «տաքի»…
Էրտողանի սպառնալիքները պատահական չէ, որ տեղի ունեցան Սեպտեմբեր 20-ին… այսօր մենք կը նշենք Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը… «Իսկանտեր»,«Տոպոլ-Մ» եւ այլ հրթիռները, որ կը յայտնուի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ռազմական շքերթին, շատ անհանգստացուցեր են Պաքուի եւ Անգարայի իշխանութիւնները… Պաքուէն հնչող սպառնալիքներուն գումարուեցաւ նաեւ Էրտողանի սպառնալիքը… Ապրիլեան կարճատեւ պատերազմի դասերը հաշուի առնելով մենք պէտք է զգօն ըլլանք եւ պատրաստ ամէն տեսակ սադրանքներու… Շնորհաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը…
Գագիկ Համբարեանի ֆեյսպուքեան էջէն