ՀՅԴ երդման արարողութիւն՝ Արմաղա լերան ստորոտին

 

Սեպտեմբերի 18-ին Գեղարքունիքի մարզի Մարտունիի շրջանի Արմաղա լերան ստորոտին մօտ տեղի ունեցաւ Դաշնակցական նորագիրներու երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին 48 ընկերներ համալրեցին Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը, որոնցմէ  40-ը` ՀՅԴ Մարտունի «Տալւորիկ» կոմիտէութեան:

Տեղի ընտրութիւնը պատահական չէր: Արմաղա լերան վրայ գտնուող Քարանձաւ թաքստոցին մէջ 1920-30 թուականներուն գումարուած են Դաշնակցութեան Մարտունիի շրջանի ընդյատակեայ գործող «Լեռնային կոմիտէ» կառոյցի ժողովները:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.