Գանատայի խորհրդարանին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Սեպտեմբեր 19-ի երեկոյեան, Գանատայի խորհրդարանին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի աւելի քան 30 անդամներ, Գանատայի Ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի, Գանատայի Բնիկներու եւ Հիւսիսային հարցերու նախարար Գարոլայն Պենէթ եւ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան։
նախարար Մելանի Ժոլի, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան եւ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան
Օրուան հանդիսավար Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան հանդիսութեան բացումը կատարեց, նշելով, որ հայ ժողովուրդին համար պատմական այս յոբելեանը կը նշուի Հայաստանի բարեկամ պետութիւն Գանատայի խորհրդարանին մէջ։ Ֆրանսերէն ուղերձով հանդէս եկաւ Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի անդամ Աբօ Նիզիպլեան։
Յաջորդաբար իրենց խօսքերը փոխանցեցին Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախկին նախագահ տոքթ. Հարըլտ Ալպրէխթ, նորընտիր նախագահ Արնոլտ Չան եւ փոխ նախագահ Ալեքսանտր Պուլրիս, որոնք վերահաստատեցին Գանատայի զօրակցութիւնը Հայաստանին եւ կոչ ուղղեցին խորհրդարանի իրենց գործընկերներուն համալրելու Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան շարքերը։
Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան ելոյթ ունենալով նշեց, որ Սեպտեմբեր 21-ը կը խորհրդանշէ Հայ ժողովուրդի վերածնունդը, Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք յառնումը։ Ան դրուատեց Գանատայի արդարամիտ կեցուածքը, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով եւ գնահատեց Օթթաուայի հաւասարակշռուած քաղաքական մօտեցումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչութեամբ։ Ան իր խօսքը եզրափակեց, յայտնելով, որ Սեպտեմբեր 21-ը հայութեան հաւատքի ու գոյատեւման խորհրդանիշն է։
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Մոնթրէալի Ազգային Սուրբ Յակոբ վարժարանի 11-րդ դասարանի սուրիահայ աշակերտ Քարէն Սէրայտարեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի կառավարութեան, որ իր ընտանիքին առիթ ընծայեց, իբրեւ ներգաղթող հանգրուանելու Գանատայի մէջ։ Ան յայտնեց, որ ինք կը կրէ բազմահարիւր հայ որբերու փրկարար դանիացի Քարէն Եփփէի անունը։ Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան ընթացքին իր պապենական գերդաստանի կրած տառապանքներուն ու կորուստներուն մասին, ան յայտնեց, թէ Տիգրանակերտէն Հասաքէ-Հալէպ իր գերդաստանի գաղթի ոդիսականէն 100 տարի ետք, այսօր իր ընտանիքը շնորհիւ Գանատայի պետութեան մարդասիրական օգնութեան՝ հաստատուած է Գանատա։