Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Նոր Թափ Կը Հաղորդէ Արցախի Ճանաչման Հոլովոյթին
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ գրասենեակը նոր թափ կը հաղորդէ Արցախի ճանաչման հոլովոյթին:
«Մեզի համար Արցախի ճանաչումը աշխատանքային թիւ մէկ հարցն է: Այդ սկզբունքէն մեկնելով` Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը շարունակէ եւրոպական տարբեր շրջաններու մէջ բարձրացնել Արցախի հարցը: Աշխատանքներ կը տարուին թէ՛ դէպի Եւրոպա Արցախի պաշտօնեաներու այցելութեան, թէ՛ քայլեր կը ձեռնարկուին եւրոպացի պաշտօնեաներու Արցախ այցելութիւնը կազմակերպելու ուղղութեամբ», ըսած է Պետօ Տեմիրճեան:
Անդրադառնալով պելճիքական երեսփոխանական խումբի Արցախ տուած վերջին այցելութեան` Տեմիրճեան նշած է, որ տպաւորութիւնները դրական են: Եւրոպացի երեսփոխանները կարելիութիւն ունեցան տեղւոյն վրայ ծանօթանալու Արցախի հիմնախնդիրին, ինչպէս նաեւ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս կը զարգանայ Արցախը:
«Երեսփոխանական խմբակի այս վերջին այցելութենէն ետք կրնանք արձանագրել, որ պելճիքացի երեսփոխաններու շրջանակին մէջ Արցախի դիրքերը կ՛ամրանան: Անոնք պատշաճ ձեւով տեղեակ դարձան Արցախի խնդիրին: Յառաջիկային ալ պիտի շարունակենք աշխուժ աշխատանքը», ըսած է Պետօ Տեմիրճեան:
Ան կարեւոր նկատած է նաեւ Երեւան-Պրիւքսէլ ուղիղ թռիչքներու իրականացումը, որ նախատեսուած է մինչեւ տարեվերջ: Ըստ անոր, այդ միջոցով թէ՛ հայ համայնքին, թէ՛ երկու երկիրներու քաղաքական գործիչներուն այցելութիւնները առաւել դիւրին պիտի դառնան, ուղիղ թռիչքը պիտի նպաստէ ժողովուրդներու աշխուժ գործակցութեան: Ըստ անոր, այդ թռիչքները շատ կարեւոր են Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն կապերու ամրապնդման համար: