Իսրայէլ եւ Ազրպէյճան՝ արտառոց դաշնակիցները

 

Եոսի Մելման իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին մէջ կը գրէ, որ Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները հոյակապ են եւ առաւել եւս կը բարելաւուին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով վերստին յառաջացած բախումներուն լոյսին տակ։ Ճակատամարտին ընթացքին ազրպէյճանական բանակին քով կը տեսնուէին իսրայէլեան արտադրութեամբ զէնքեր։ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս յարաբերութիւնները կ’անուանէ «ռազմավարական դաշինք» մը, ատոր համակարծիք են նաեւ Իսրայէլի մէջ։

Երեւութապէս Իսրայէլն ու Ազրպէյճանը արտառոց զոյգ մըն էին եւ պէտք չէր իրարու հետ ըլլային։

Ազրպէյճանը մեծամասնութեամբ շիի պետութիւն մըն է։ Թէեւ այդտեղ տեղի կ՚ունենան ընտրութիւններ, սակայն իրողութեան մէջ արեւմտեան ժողովրդավարութիւն չի տիրեր, եւ 1991-ին Խորհրդային Միութենէն անկախանալէ ետք, անոր կ՚իշէ նոյն ընտանիքը՝ ալիեւները, որոնք ամբաստանուած են փտածութեան եւ ազատ ու անկախ լրատուամիջոցներու ջնջման յանցանքով։ Հետաքննութիւններ կատարող լրագրողներ կ՚ենթարկուին ճնշումներու եւ կը բանտարկուին։

Միւս կողմէ՝ Իսրայէլ շատ «բարակը չի մաներ», երբ հարցը կը վերաբերի զէնքի վաճառականութեան եւ ազգային շահերու։ Քարտէսին արագ ակնարկ մը բաւարար է հասկնալու իսրայէլեան առաջնահերթութիւնները։

Ազրպէյճան սահմանակից է չորս երկիրներու, ներառեալ Իսրայէլի երդուեալ թշնամի Իրանի։ Քարիւղի մեծ արտադրիչ մըն է եւ պատրաստ է իր արտադրութեան մէկ մեծ բաժինը՝ հինգ առ հարիւրը ներդնելու բանակի կարիքներու ապահովման։

Ըստ արտասահմանեան տեղեկագրութեանց, Մոսատ՝ օգտուելով անոր աշխարհագրական դիրքէն, Ազրպէյճանի մէջ մեծ կեդրոն մը ունի։

Իրանցի պաշտօնատարներ իրենց դրացի երկիրը ամբաստանած են իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան, ազրպէյճանական հողամասերէ մեկնելով, լրտեսական գործողութիւններ շղթայազերծելու յանցանքով։ Իրան աւելի քան մէկ տարի առաջ յայտարարեց, որ վար առած է իսրայէլեան արտադրութեամբ անօդաչու թռչող սարք մը։ Իսրայէլացի պաշտօնատարներ մերժած են մեկնաբանել այդ լուրը։ Սակայն ինչպէս «Ուիքիլիքս» բացայայտեց՝ Ալիեւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ յղուած նամակի մը մէջ կը նշէ. «Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները սառցալեռի նման են։ Ինը տասերորդը յատակն են»։ 2007 թուակիր մէկ այլ փաստաթուղթի մէջ Պաքուի մօտ Իսրայէլի դեսպան Արթըր Լենք անկեղծ ու բացայայտ կերպով Միացեալ Նահանգներու դեսպանին յայտնած է, որ երկու երկիրները ապահովական ոլորտի համաձայնութիւն մը ունին եւ Ալիեւի օգնականներէն մէկը Իսրայէլ իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարին եւ «Մոսատէն պաշտօնատարներ»ու հետ։ 2009-ին ազրպէյճանական ապահովական մարմինները բացայայտեցին իրանեան գաղտնի սպասարկութեան եւ Հըզպալլայի կողմէ Պաքուի մէջ իսրայէլեան դեսպանատունն ու հրէական կեդրոններ հարուածելու ծրագիր մը, որ մաս կը կազմէր մէկ տարի առաջ Հըզպալլայի «պաշտպանութեան նախարար» Իմատ Մուղնիէի սպանութեան վրէժը լուծելու փորձի մը։ Մոսատէն ազրպէյճանական գաղտնի սպասարկութեան փոխանցուած տեղեկութիւններուն շնորհիւ ծրագիրը ձախողեցաւ։ Կարգ մը կասկածեալներ ձերբակալուեցան, իսկ ուրիշներ յաջողեցան փախուստ տալ դէպի Իրան։

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պարզապէս երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդող ազդակներէն մէկն է։ Դաշինքի զարգացումին մէկ այլ ազդակը երկու երկիրներուն միջեւ տարեկան առեւտուրն է, որ հինգ միլիառ տոլարով կը գերազանցէ Իսրայէլի եւ Ֆրանսայի միջեւ եղած տարեկան առեւտուրի ծաւալը։

«Այս շաբաթ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը աշխարհին գաղափար մը տուաւ գաղտնի յարաբերութիւններուն մասին, երբ հրապարակեց լուսանկարը իսրայէլեան արտադրութեամբ «անձնասպանական անօդաչու թռչող սարքի» մը, որ ինքզինք պայթեցուցած էր հայ մարտիկներ ճակատ փոխադրող փոխադրակառքի մը վրայ։ Արձանագրուեցաւ եօթը զոհ, եւ Հայաստանի կառավարութիւնը բողոք ներկայացուց Իսրայէլի։ (…) Այս շաբաթ, դէպքէն քանի մը օր ետք, իսրայէլեան զինուորական լրագրողներ այցելեցին IAI-ի կեդրոնը եւ ծանօթացան տարբեր արտադրութիւններու, անօդաչու թռչող սարքերէն մինչեւ արբանեակներ։ IAI-ի պաշտօնատար մը մերժեց պատասխանել այն հարցին, թէ IAI-ը «Ուաշինկթըն Փոսթի»ն այդ լուրը փոխանցող ընկերութի՞ւնն էր , սակայն ժպտաց, երբ լրագրողը մը նշեց, որ այդպիսի լուսանկար մը առեւտուրի համար լաւ է եւ կը գովազդէ արտադրութիւններ, որոնք պատերազմի դաշտի մէջ կշիռ ունին», կը գրէ Մելման։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.