Հարցազրոյց «Հայերու բռնի իսլամացումը» գիրքի թարգմանիչ Մելինէ Անումեանի հետ
Վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ յայտնի թուրք պատմաբան, ցեղասպանագէտ, դոկտոր, փրոֆեսոր Թանէր Աքչամի «Հայերու բռնի իսլամացումը. լռութիւն, ժխտում եւ ուծացում» վերնագրով գիրքը, որ 2014 թուականին թրքերէնով հրատարակուած էր Սթանպուլի մէջ: Այժմ գիրքը հասանելի է նաեւ հայ ընթերցողին` Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աշխատակիցներու ջանքերու շնորհիւ եւ «Ժիրայր Նշանեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ: Գիրքին թարգմանիչն է թրքագէտ, պ.գ.թ. Մելինէ Անումեանը, իսկ խմբագիրը` Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ, բ.գ.թ. Հայկազուն Ալվրցեանը: Մելինէ Անումեանի հետ զրուցեցինք գիրքին մէջ ներկայացուած հարցադրումներուն եւ խնդիրներուն մասին:
– Թաներ Աքչամի գիրքը վերնագրուած է «Հայերու բռնի իսլամացումը. լռութիւն, ժխտում եւ ուծացում»: Հեղինակը զայն վերնագրեր է ըստ գիրքին երեք գլուխներուն բովանդակութեան: Խնդրեմ, ընդհանուր գիծերով ներկայացուցէք անոնց մէջ ամրագրուած կարեւոր միտքերը:
-Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Թաներ Աքչամը այս մենագրութեան մէջ կ’անդրադառնայ ժամանակակից Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան ազդեցութեան՝ թուրք հասարակութեան եւ, յատկապէս, վերջինիս` իրենք զիրենք առաջադէմ համարող հատուածի վրայ: Առաջին գլխուն մէջ կը խօսի այն մեծ դժուարութիւններուն մասին, որոնց հետ, յատկապէս Հրանդ Տինքի սպանութեան նախորդող ժամանակաշրջանին, Թուրքիոյ մէջ կը հետապնդուէր Հայոց ցեղասպանութեան հարցի անաչառ ուսումնասիրութեամբ զբաղիլ փորձող իւրաքանչիւր մտաւորական: «Միայնութեան պատմութիւն մը կամ բորոտի պէս շրջիլ սեփական երկրին մէջ». այսպէս կը բնորոշէ ան իր վիճակը իր իսկ երկրին մէջ՝ ցեղասպանութեան հարցով զբաղիլ սկսելէ ետք: Ան կը փորձէ գտնել այն հարցին պատասխանը, թէ ինչո՛ւ թուրք մտաւորականները չէին փափաքեր անդրադառնալ Հայկական հարցին, եւ կ’ընդգծէ, որ «լռութիւն պահպանելու մասին լուռ պայմանագիրի» այդ ժամանակաշրջանին Մեծ եղեռնի ուսումնասիրութեամբ զբաղող գիտնականները կ’ենթարկուէին ոչ միայն ազգայնամոլներու եւ պետութեան սպառնալիքներուն, այլեւ` իրենք զիրենք առաջադէմ եւ ժողովրդավար համարող զանգուածի բացասական եւ նոյնիսկ՝ թշնամական վերաբերմունքին: Աքչամը գիրքին մէջ կը շեշտէ, որ «Հրանդ Տինքը սպաննողները պատճառ դարձան, որ հազարաւոր լռութիւններ ճիչի վերածուին…»:
Գիրքին երկրորդ մասին մէջ, որպէս առաջին գլուխի տրամաբանական շարունակութիւն, Թաներ Աքչամ կը ներկայացնէ այն քննարկումները, որոնք մի քանի տարի առաջ ընթացան Թուրքիոյ մէջ, երբ այստեղ տպագրուեցան օսմանեան բանակին մէջ ծառայած հայ հրամանատար Սարգիս Թորոսեանի յուշերը: Վերջինիս գոյութեան փաստը բնականաբար չէր կրնար ընդունելի ըլլալ թուրք հասարակութեան համար, քանի որ պաշտօնական պատմագրութիւնը օսմանահպատակ հայերուն միշտ ներկայացուցած է որպէս «դաւաճաններ, որոնք պատերազմի բովին մէջ հարուածեր են թիկունքէն»: Հետեւաբար Սարգիս Թորոսեանի օրինակէն բացայայտ է, որ հայերը ոչ միայն ծառայած են օսմանեան բանակին, այլեւ՝ սխրագործութիւններ ալ կատարած եւ արժանացած պատուոյ գիրերու: Այսուհանդերձ, Թորոսեանի ընտանիքը եւս աքսորուած եւ սպաննուած է, թէեւ, ըստ օրէնքի, բանակին ծառայող հայ զինուորականներու ընտանիքները ենթակայ չէին տեղահանութեան: Ինչպէս կը շեշտէ Աքչամը, Սարգիս Թորոսեանի վերաբերեալ Թուրքիոյ մէջ ծաւալած քննարկումներու ամբողջ ընթացքին ոչ միայն կը ժխտուէր հայ հրամանատարին գոյութեան փաստը ընդհանրապէս, այլ նաեւ կ’անտեսուէր անոր ապրած ողբերգութիւնը:
Ամենածաւալուն՝ երրորդ գլխուն մէջ, հեղինակը, հիմնուելով գրեթէ բացառապէս օսմանեան աղբիւրներու եւ յատկապէս կառավարութեան կողմէ շրջաններ յղուած հեռագիրներու վրայ, կ’անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներէն մէկը հանդիսացող կրօնափոխ հայութեան հիմնահարցին:
-Գիրքին մէջ նշուած է, որ ՄԱԿ-ի` Ցեղասպանութեան մասին յայտարարագրի քննարկումներուն առաջին փուլին Լեմքինը պնդեր էր, որ «մշակութային ցեղասպանութիւն» եզրը ամրագրուի բանաձեւին մէջ, սակայն վերջնական տարբերակին մէջ այս եզրոյթը հանուած է:
-Ինչպէս Թ. Աքչամ կը նշէ, այնպիսի թիւր պատկերացում կայ, թէ ցեղասպանութիւն կ’իրականացուի զուտ ֆիզիքական ոչնչացումով: Մինչ իրականութեան մէջ, ինչպէս զայն շեշտած է նաեւ ցեղասպանութիւն եզրոյթը շրջանառութեան մէջ դրած Ռաֆայէլ Լեմքինը, ցեղասպանութիւնը որեւէ ցեղային կամ այլ խումբի մասնակի կամ ամբողջական ոչնչացումն է: Եւ բոլորովին պայման չէ, որ այդ բնաջնջումը իրականացուի միայն ֆիզիքապէս: Ըստ Լեմքինի` ցեղասպանութիւն կը նշանակէ խումբի մը բնաջնջման ուղղուած ֆիզիքական, կենսաբանական եւ մշակութային ոչնչացման միջոցներու կիրառում: Մշակութային ցեղասպանութիւնը կրնայ նախաքայլ համարուիլ ֆիզիքական բնաջնջումէն առաջ: Ինչպէս կը նշէ Աքչամը, Լեմքինի այս առաջարկը հանուած էր Ցեղասպանութեան մասին յայտարագրի վերջնական տարբերակէն, քանի որ մեծ տէրութիւնները մտավախութիւն ունեցած են, թէ կրնայ մշակութային ցեղասպանութիւն համարուիլ նաեւ գաղութներուն մէջ իրենց վարած քաղաքականութիւնը:
-Գիրքին մէջ կը շեշտուի նաեւ «բռնի ուծացում» եւ «բնական ուծացում» եզրերու տարբերակման կարեւորութիւնը: Ինչո՞ւ յատկապէս, ըստ Ձեզի, ընթերցողին ուշադրութիւնը կ’ուզէ դէպի այդ ուղղել թուրք պատմաբանը:
-Բռնի ուծացումը մշակութային ցեղասպանութեան մէկ մասն է, քանի որ վերջինս կ’ընդգրկէ նաեւ տուեալ խումբին հոգեմտաւոր արժէքներու` կրօնական ու կրթական հաստատութիւններու եւ ամբողջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը: Աքչամը կ’ընդգծէ, որ պէտք է տարբերակում դնել նաեւ բնական ուծացման եւ բռնի ուծացման միջեւ, քանի որ բնական ձուլումն համարկումը կրնայ երկարատեւ գործընթացի բնական հետեւանք ըլլալ, իսկ բռնի ուծացումը կը կատարուի կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին եւ միտումնաւոր կերպով:
Գիրքին երրորդ գլուխին մէջ հեղինակը կը շեշտէ, որ մինչ այժմ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ուսումնասիրած գիտնականները առաւելապէս կեդրոնացած են ֆիզիքական բնաջնջման վրայ, քանի որ ընդհանրապէս ցեղասպանագիտութեան մէջ ընդունուած է որպէս ցեղասպանութեան դասական օրինակ համարել Հոլոքոսթը, որուն ժամանակ բռնի ուծացում գրեթէ չէ կիրառուած: Հետեւաբար, ինչպէս կը նշէ ցեղասպանագէտը, նոյնիսկ Լեմքինը շեշտեր է ցեղասպանութեան գլխաւոր տարրերէն մէկուն` բռնի հասկացութեան մասին: Այսպիսով, Աքչամը հայերու կրօնափոխութիւնը եւ ուծացումը կը դիտէ որպէս Հայոց ցեղասպանութեան կառուցուածքային տարր` միաժամանակ ընդգծելով, որ Մեծ եղեռնը իրագործուած է նաեւ մեծամասշտապ ֆիզիքական բնաջնջմամբ:
– Ինչպիսի՞ արժէք եւ նշանակութիւն կրնայ ունենալ Թաներ Աքչամի այս գիրքը` Հայ դատի հետապնդման տեսանկիւնէն: Այսինքն` գիրքին մէջ ներկայացուած փաստերը ինչպէ՞ս կրնան նպաստել հայկական հարցին արդարացի լուծման:
-Այս գիրքը կազմուած է գրեթէ բացառապէս օսմանեան աղբիւրներու, յատկապէս այն հեռագիրներու հիման վրայ, որ Ցեղասպանութեան ամբողջ ընթացքին կեդրոնական կառավարութիւնը յղած էր Օսմանեան կայսրութեան շրջաններ եւ ստացեր՝ պատասխանները: Այս առումով, մենագրութիւնը խիստ արժէքաւոր փաստաթուղթեր կը պարունակէ, որոնք կը բացայայտեն Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայերու բռնի ուծացման համակարգուած բնոյթը: Ինչպէս կը նշէ Աքչամը, մասնագիտական գրականութեան մէջ կարծիք առաջացած է, թէ կրօնափոխութիւնը չէ խրախուսուած եւ չէ վերահսկուած կեդրոնական իշխանութիւններուն կողմէ, այլ միայն կատարուած է տուեալ շրջանի կառավարիչին քմահաճոյքով կամ անոր «բարեհաճութեամբ»: Սակայն, սոյն հեռագիրները ակնյայտօրէն ցոյց կու տան, որ երիտթուրք իշխանաւորները եւ յատկապէս Թալիաթը լիովին վերահսկեր են կրօնափոխութեան ամբողջ գործընթացին` ժամանակ առ ժամանակ թոյլ չտալով, որ կրօնափոխ հայերը մնան իրենց բնակավայրերուն մէջ, քանի որ իթթիհատականներուն նպատակը եղած է հայերուն, որպէս ժողովուրդ, ի սպառ ոչնչացումը: Աքչամը առանձին ենթագլուխի մէջ կ’անդրադառնայ նաեւ հայ երեխաներու եւ կանանց բռնի ուծացման քաղաքականութեան, ընդգծելով որ երիտթուրքերը հեռագիրներուն մէջ նշեր են, որ այդ մանուկները ծնողազուրկ պէտք է դառնան, եւ հարկ է զանոնք ցրուել որբանոցներու կամ մահմետականներու տուներու մէջ՝ դաստիարակելով ըստ իսլամաթրքական մշակոյթին: Հեղինակը կը շեշտէ այս հարցով առկայ եւ ցեղասպանագիտութեան համար խիստ էական դիտաւորութեան փաստը, այսինքն` երիտթուրքերը փաստօրէն շատ լաւ գիտէին, որ հայերը ստոյգ մահուան կ’ուղարկուին: Յայտնի թուրք ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամը բռնի ուծացումը եւ կրօնափոխութեան դէպքերը կը համարէ Հայոց ցեղասպանութեան կառուցուածքային տարրերէն մէկը եւ իսլամացումը բացարձակապէս չի դիտեր որպէս «փրկութիւն»: Ան նաեւ կ’ընդգծէ, որ բռնի ուծացման ենթարկուած հայ կանայքն ու երեխաները եւս ոչնչացուած են` որպէս էթնոս, եւ եթէ փրկուած ալ ըլլան, ապա` զուտ ֆիզիքապէս…
Քնար Թադեւոսեան
«Հայ Զինուոր»