Հոգեշնորհ Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան Գէմպրիճի հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ
1 Սեպտեմբեր 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ Գանատա ժամանեց Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան, ծառայելու համար որպէս հոգեւոր հովիւ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ համայնքին։
Աւազանի անունով Ճորճ, ծնած է 30 Մարտ 1991ին, Հալէպ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի «Սահակեան» Ազգային վարժարանէն ներս:
2003-2004 տարեշրջանին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք եւ 8 տարիներ ուսանելէ ետք, 19 Յունիս 2011ին, Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր տնօրինումով, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ:
Կաթողիկոսարանէն ներս ստանձնած է Վեհափառ Հայրապետի գաւազանակիրի պաշտօնը 2011 Յունիսէն 2013 Յուլիս, ինչպէս նաեւ դպրեվանքէն ներս ուսուցչութիւն ըրած է 2011-2013 թուականներուն:
2013 Օգոստոս 1ին մեկնած է Յունաստան եւ աւելի քան երկու տարիներ որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած է տեղւոյն Սուրբ Յակոբ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ համայնքին։
12 Յուլիս 2015ին, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինումով կ՚արժանանայ Վարդապետական Աստիճանի։