Ո՞վ ուզեց Վրաստանի մէջ ռուսական կազի խողովակաշարը պայթեցնել եւ ինչո՞ւ

 

Արշալոյս Մկտեսեան «Եուրէյժա տէյլի» կայքին վրայ կը գրէ‚ որ Վրաստանի հողերուն վրայ քրէական խմբակի մը կողմէ ռուսական կազի խողովակաշարը պայթեցնելու ձախող փորձը այդ հատուածի խոցելիութեան վերաբերեալ լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է։ Այդ դէպքը հայերուն յիշեցուցած է 1990-ական թուականներուն Արցախի պատերազմի ընթացքին անոնց դիմագրաւած ուժանիւթային շրջափակումը‚ երբ այդ նոյն հատուածը կանոնաւոր կերպով կ’ենթարկուէր յարձակումի։ Այժմ Հայաստան Իրանէն երկարող կազի խողովակաշար մը ունի‚ թէեւ իրանեան կազը քիչ մը աւելի սուղ է‚ սակայն կրնայ բաւարարել երկրին բոլոր կարիքները եւ ուժանիւթային նոր շրջափակման դէմ երաշխիք մըն է։ Ուստի կը յառաջանայ այն հարցումը‚ թէ ոեւէ խմբակ ինչո՞ւ պիտի փափաքէր ռուսական խողովակաշարը պայթեցնել։ Վերանորոգելի ուժանիւթի ծրագիրի հայ պատասխանատու‚ ուժանիւթի մասնագէտ Արա Մարճանեան կը հաւատայ‚ որ այս դէպքը Հայաստանը առանց ռուսական կազի ձգելէն աւելի մեծ նպատակ մը ունի։ Անիկա մաս կը կազմէ շրջանային երկու մեծ ծրագիրներու միջեւ մրցակցութեան. առաջինը՝ Արեւմուտք-արեւելք ուժանիւթի առանցքին (խողովակաշարերու համակարգ մը‚ որ կը կառուցուի Թուրքիոյ‚ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ‚ իսկ երկրորդը՝ Հիւսիս-հարաւ ուժանիւթի գործընկերութեան‚ որ կը ներառէ Ռուսիան‚ Վրաստանը‚ Հայաստանն ու Իրանը։ «Ուստի‚ ռուսական խողովակաշարը պայթեցնելու փորձը սովորական ոճիր մը չէր‚ այլ յատուկ արարք մը»‚ «Եուրէյժա տէյլի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Մարճանեան՝ պատասխանելով «Ո՞վ կը շահի‚ յարձակում գործողները ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէին, եւ ո՞վ կը կանգնի անոնց ետին» հարցումին։ 

Կը կարծէ՞ք‚ որ այս յարձակումը Ռուսիա-Վրաստան-Հայաստան-Իրան ձեւաչափին դէմ էր։

Վստահ եմ‚ որ այդպէս էր։ Այս ահաբեկչական արարքը Հայաստանի շրջանային ուժանիւթի տարանցման ենթակառոյցներուն համարկուելուն դէմ է։ Անիկա իր տեսակին մէջ առաջինն էր‚ սակայն ոչ վերջինը։ Մինչեւ այն ատեն‚ որ գոյութիւն ունի Թուրքիա-Վրաստան-Ազրպէյճան առանցքը‚ մենք պէտք է Հիւսիս-Հարաւ ձեւաչափին նոր արգելքներ ակնկալենք։ 

Ըսել կ’ուզէք‚ թէ Թուրքիան‚ Վրաստանն ու Ազրպէյճանը այդ ձեւաչափով հետաքրքրուած չեն, եւ այդ երկիրներէն մէկը կրնա՞յ ըլլալ այս արարքին կազմակերպիչը։

Ես վստահ եմ‚ որ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը այս յարձակումին մէջ դերակատարութիւն ունէին։ Ինչ կը վերաբերի Վրաստանի‚ անոր պաշտօնական կեցուածքը կը բախի խումբ մը բաւական զօրաւոր ուժերու ընդդիմութեան‚ որոնք կը հաւատան‚ թէ Վրաստան պէտք է միայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ գործակցի։ Անոնց ռազմավարական նպատակը Հայաստանը խեղդելն է‚ Ռուսիան չեզոքացնելը եւ ռուսերը շրջանէն դուրս մղել։ Վերոնշեալ ուժերը բաղկացած են գաղտնի սպասարկութիւններու գործակալներէ‚ զինեալներէ եւ ազգայնականներէ։ Անոնց նպատակը‚ Հայաստանը ուժանիւթային նոր շրջափակման ենթարկելէ աւելի‚ արգելք հանդիսանալն է‚ որ ան Հիւսիս-հարաւ առանցքը օգտագործէ‚ իբրեւ ազդու զէնք՝ թուրք-ազրպէյճանական շրջափակման դէմ։

Այս յարձակումը ցոյց տուաւ‚ որ հայ-ռուսական կազի խողովակաշարի վրացական հատուածը կը շարունակէ մնալ բաւական խոցելի‚ մասնաւորաբար եթէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը վերսկսի։ Նկատի ունենալով որ այս հատուածը Հիւսիս-հարաւ առանցքին համար կենսական է‚ կը յառաջանայ այն հարցումը‚ թէ Հայաստանը‚ Ռուսիան եւ Վրաստանը պէ՞տք է զայն միասնաբար պաշտպանելու մասին մտածեն։

Պէտք է այդ մէկը ընեն։ Կը յիշէ՞ք‚ երբ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթի խողովակաշարը ստեղծեցին‚ անոնք այդ առիթը օգտագործեցին Վրաստանի հետ զինուորական աշխոյժ կապեր հաստատելու։ Անոնք խողովակաշարը պաշտպանելու համար շարք մը միացեալ ռազմափորձեր կազմակերպեցին։ Ուստի‚ Հայաստան պէտք է բան մը ընէ ապահպովելու համար Հիւսիս-հարաւ ենթակառոյցները‚ ըլլան անոնք ելեկտրականութեան փոխադրութեան գիծ‚ կազի խողովակաշար‚ թէ երկաթուղագիծ։ Տիրող իրողութեան լոյսին տակ՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի համար հրամայական մը պէտք է ըլլայ Հիւսիս-հարաւ տարանցիկ ճամբաներուն անվտանգութիւնը աւելի աշխոյժ ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական կապերով երաշխաւորելը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.