Միհրան Յարութիւնեան Վիրաբուժութեան Պիտի Ենթարկուի Գերմանիոյ Մէջ
846
0
Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի փոխախոյեան հանդիսացած Միհրան Յարութիւնեան Գերմանիոյ մէջ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Լուրը հաղորդող News.am-Sport կայքը աւելցուց, որ 27 տարեկան ըմբիշը Պրազիլի մէջ իր ելոյթները ունեցաւ վիրաւոր վիճակի մէջ:
Վիրաբուժութեան ծախսերը պիտի հոգայ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն` գլխաւորութեամբ Գագիկ Ծառուկեանի:
Այստեղ պէտք է յիշեցնել, որ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն Միհրան Յարութիւնեան յստակ կողմնակալութեան պատճառով զրկուեցաւ ոսկի մետալին տիրանալէ: