Աւստրալիացի ռազմագերիները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներ

 

Ինչքան ուսումնասիրենք Հայոց ցեղասպանութիւնը, այնքան նոր փաստեր ու ապացոյցներ կը յայտնաբերենք: Աւստրալիական հրատարակչատուն մը վերջերս լոյս ընծայեց «Հայաստանը, Աւստրալիան եւ Մեծ պատերազմը» (Armenia, Australia and the Great War) 324 էջնոց հատորը, որ անհերքելի ապացոյցներ կը պարունակէ 1915 թ. Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Ապացոյցները ականատեսներու վկայութիւններն են, իսկ ականատեսները՝ Կալիփոլիի ճակատամարտի աւստրալիացի եւ այլ դաշնակից պետութիւններու ռազմագերիները: Անոնցմէ ոմանք թուրքերու ձեռքը անցած սուզանաւերու նաւաստիներն ու աշխատակազմի անդամներն են: Ուրիշներ՝ Քութ էլ-Ամարայի (ներկայիս Իրաքի սահման) պաշարման ժամանակ (1915 թուական) գերի ինկած զինուորներ: Անոնք, իրենց իսկ խօսքերով, «պատերազմի մեծագոյն յանցագործութեան»՝ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես եղած են դէպի Անատոլիի բանտերը առաջնորդող իրենց մահուան ճանապարհին: Փաստօրէն մինչ թուրքերը հայերուն իրենց պատմական հայրենիքէն կը տարագրէին դէպի սուրիական անապատները, «ANZAC» (Աւստրալիա-Նիւ Զելանտա) դրօշի ներքոյ կռուող այդ զինուորներուն այդ վայրերէն կը քշէին դէպի Անատոլիա, ուր բանտերէն բացի զանոնք կալանքի տակ կը պահէին նաեւ, ըստ այդ գիրքին, հայերու լքուած շինութիւններուն մէջ: Անգորա (ներկայիս Անգարա) ուղարկուած աւստրալիական 14-րդ գումարտակի տեղակալ Լեսլի Լուսկոմբը , օրինակ, ճանապարհին տեսած է «տխուր ու վհատեցնող տեսարան՝ գնացքի կայարաններէն մէկուն մէջ, ուր հայ կիներն ու երեխաները իրարու գլխի հաւաքուած զգալի զանգուած, զինուած թուրք զինուորներու մտրակներու հարուածներու տակ, կը խցկուէին անասուններ տեղափոխող բեռնատար գնացքներու մէջ, որոնք զիրենք պիտի տանէին դէպի համակեդրոնացման ճամբարներ: Հայ վանականներուն եւ բոլոր տղամարդոց վստահաբար անկէ առաջ թուրքերը ոչնչացուցած էին»:
Լուսկոմբի մօտիկ ընկերներէն տասնապետ Ճորճ Քերը , որուն ուղարկած էին Տաւրոսի լեռներուն մէջ գերմանական անաւարտ երկաթագիծի վրայ հարկադիր աշխատանք կատարելու, իր գաղտնի օրագիրին մէջ արձանագրած է, որ տեսած է հայ եւ յոյն «60 թշուառական էակներ»: Միւս կողմէ աւստրալիական օդային ջոկատի հրամանատար Թովմաս Ուայթը թուրք պահակախումբի հսկողութեան տակ Մոսուլ հասնելով ականատես եղած է «մի կտոր հաց հայցող սովալլուկ հայ կիներու», իսկ «Թել Արման» լքուած հայկական բնակատեղին հասնելով, չնայած մի քանի հայ կիներու եւ երեխաներու հանդիպեր է, սակայն ոչ տղամարդոց: Փոքրիկ բլուր մը բարձրանալով ան տեսած է «36 նոր գերեզմաններ, ուր անկասկած թաղուած էին այդ շրջանի տղամարդիկ»: «Սարսափած էի թուրքերու ձեռքի աշխատանքէն», գրեր է ան՝ յետագային աւելցնելով. «ծրագրաւորուած կոտորածները տեղի ունեցած էին միաժամանակ երկրի ողջ տարածքին մէջ»:
Այդ ժամանակ Ռաս-ուլ-Այն աւանի հայ բնակիչները կը տեղահանէին թուրքերը եւ կը պարտադրէին անցնիլ մահուան ճանապարհը դէպի Տէր Զօր: Ուայթը տեսած է, թէ ինչպէս զիրենք կը խմբաւորեն որպէս նախիր՝ սպանդանոց ուղարկելու համար: Գնացքով դէպի Աֆիոն ճանապարհորդելէ ետք անոր եւ իր ընկերներուն թուրքերը տեղաւորած են հայկական եկեղեցւոյ մը մէջ, ուրկէ դուրս հանած էին պատսպարուած հայերը: «Տղամարդոց սպաննած էին առաջինը, անոնց գոյքը բռնագրաւեր, իսկ այժմ կիներն ու երեխաները կ’ուղարկէին դէպի իրենց անվերադարձ վախճանը», գրած է ան յետագային: Ան նկարագրած է նաեւ զանգուածային գերեզմաններ, ուր «թաղուածներուն թիւը այնքան շատ եղած է, որ անոնց մարմիններու ոսկորները դուրս կը ցցուէին հողին տակէն»:
Ընդհանուր առմամբ Քութ էլ-Ամարայի մէջ թուրքերուն յանձնուած բրիտանացի ռազմագերիներուն 70 եւ հնդիկներուն 30 տոկոսը մահացած են գերութեան մէջ: Քութէն դէպի Անատոլիա 200 քլմ. երկարութեամբ իրենց մահուան ճանապարհին անոնք գիւղական տան մը յետնամասին տեսած են ջրհոր մը, որուն մէջ նետուած են «խեղուած հայ կիներու եւ երեխաներու մարմինները»: Մինչեւ 1916-ի Սեպտեմբերը դաշնակիցներու մահացած ռազմագերիները թաղեր են Աֆիոնի հայկական գերեզմանատան մէջ: «Եոզկատի մէջ ռազմագերիները կը տեղաւորէին լքուած հայկական տուներու մէջ», գրած է հրամանատար Քենէթ Եըրսլին :
Նման հազարաւոր վկայութիւններ տեղ գտած են վերոնշեալ հատորին մէջ, որուն հեղինակներն են Վիգէն Բաբգէնեանն ու Փիթըր Սթանլին , որոնք հետազօտական լուրջ եւ երկարատեւ աշխատանք կատարած են աւստրալիական արխիւներուն:
Յատկանշական է, որ գիրքին ականատեսները օտարազգի զինուորականներ են, որոնք ոչ մէկ շահ ունենալով պաշտպանելու Հայ դատը, պարզապէս մարդկային նկատառումներով եւ յանուն արդարութեան կատարած են իրենց գրառումները, որոնց դէմ թուրքերը, որոնց կարգին նաեւ նախագահ Էրտողանը, հազիւ թէ կարենան հերքող փաստարկներ բերել: Անոնց լաւագոյն յանգերգը անընդհատ կրկնելն է, որ «պատերազմ էր, եւ երկու կողմերը կորուստներ ունեցան»:
Յատկանշական է նաեւ այն փաստը, որ անցեալ տարի փորձելով նսեմացնել Եղեռնի հարիւրամեայ տարելիցի միջոցառումներու նշանակութիւնը, Էրտողանը Կալիփոլիի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները տեղափոխեց Ապրիլ ամիս, սակայն այդ չփրկեց զինք, քանի որ նոյն այդ Կալիփոլիի ռազմագերիներու (որո՞ւ միտքով կ’անցնէր) գրառումները այժմ կը պայթին անոր գլխուն:
Ճիշդ է, Թուրքիան ներկայիս խիստ զբաղած է աշխարհի վրայ իր հեղինակութիւնը վերականգնելու անհյետաձգելի պարտականութեամբ, բայց լաւ կ’ըլլար, որ «Սուլթան» յորջորջուած նախագահ Էրտողանը ժամանակ գտնէր եւ ծանօթանար այս նոր գիրքի բովանդակութեան:
 Հ. ԾՈՒԼԻԿԵԱՆ
Ազգ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.